image

Ուղղափառ արքեպիսկոպոսը ներողութիւն խնդրած է Փութինին հետ հանդիպելու համար

Ուղղափառ արքեպիսկոպոսը ներողութիւն խնդրած է Փութինին հետ հանդիպելու համար

Սիթքայի եւ Ալասքայի արքեպիսկոպոս Ալեքսէյ ներողութիւն խնդրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ Ալասքայի մէջ հանդիպելուն համար: Անոր յայտարարութիւնը հրապարակուած է Ամերիկայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կայքին մէջ:

Արքեպիսկոպոսը յայտարարած է, որ «խորապէս կը զղջայ» իր գործողութիւններուն բերմամբ առաջացած «սքանտալ»ին համար։

«Որպէս Սիթքայի եւ Ալասքայի արքեպիսկոպոս՝ ես Ամերիկայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սուրբ Սինոտի անդամ եմ, որ կը նախագահուի Նորին Գերազանցութիւն Մետրոպոլիտ Թիխոնի կողմէ։ Հետեւաբար, ես կը հետեւիմ այս ողբերգական պատերազմի վերաբերեալ Սուրբ Սինոտի ցուցմունքներուն եւ հովուական խորհուրդներուն եւ կը ձգտիմ Ալասքայի հաւատացեալները առաջնորդել աղօթքի եւ ողորմութեան գործերու ՝ յանուն բոլոր տառապողներուն։ Ալասքայի թեմը Ամերիկայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ թեմերէն մէկն է, որ ինքնավար եկեղեցի է, որուն առաքելութիւնը կը տարածուի Հիւսիսային բեւեռային շրջանէն մինչեւ Կեդրոնական Ամերիկա եւ կ'ընդգրկէ բազմաթիւ ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ լեզուներ։ Անցեալ շաբաթ ես ողջունեցի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Անքորիճի գագաթնաժողովի ժամանակ՝ խաղաղ հիւրընկալութեան ոգիով, ամբողջ թեմով երեք օր շարունակ խաղաղութեան համար աղօթելէն յետոյ։

Անկէ յետոյ շատերէն լսած եմ, որ այդ պահը դիտարկուած է որպէս կշտամբանքի կամ շարունակուող հակամարտութեան եւ տառապանքներու պայմաններուն տակ խաղաղութիւն պահանջելու բաց թողուած հնարաւորութիւն։ Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, անոնցմէ, որոնք իմ գործողութիւնները տխրութեան կամ շփոթութեան պատճառ համարած են, ես անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրեմ», - նշուած է արքեպիսկոպոս Ալեքսէյի յայտարարութեան մէջ։