Դաշնակցական երիտասարդները Ուաշինկթընի մէջ ինքնատիպ անակնկալով դիմաւորած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ ԱՄՆ մեկնած է աշխատանքային այցով` Մայիս 2-6-ին մասնակցելու Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան նիստին:
ԱՄՆ-ի ՀՅԴ երիտասարդները սեւ փշոտ վարդեր եւ Թուրքիոյ դրօշ տարած են Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ դեսպանատուն` ի նշան բողոքի ընդդէմ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ընացքը դէպի թշնամի պետութիւններ թեքելու եւ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու` ՀՀ արտաքին քաղաքական մտադրութիւններուն: