image

Որքան հնարաւոր է շուտ ճանչցէք Հիւսիսային Կիպրոսը. Էրտողանի կոչը՝ միջազգային հանրութեան

Որքան հնարաւոր է շուտ ճանչցէք Հիւսիսային Կիպրոսը. Էրտողանի կոչը՝ միջազգային հանրութեան

Նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հինգշաբթի կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան անյապաղ ճանչնալու ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսը եւ մերժելու որեւէ գործարք, որ Կիպրոսի թուրքերուն չառաջարկեր ստեղծել սեփական պետութիւն, յայտնած է dailysabah-ը։

«Ես կը կրկնեմ պատմական կոչը, որ ըրած եմ ամբողջ աշխարհին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ որքան հնարաւոր է շուտ ճանչցէք Հիւսիսային Կիպրոսը»,-ըսած է Էրտողան Կիպրոսի բռնագրաւման 49-ամեակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ։ 

«Հիմա բոլորը պէտք է հասկնան, որ դաշնային որոշումը անհնար է»,-ըսած է Էրտողանն ու աւելցուցած, որ ինքը դէմ չէ նոր բանակցութիւններուն, բայց ատոնք չեն կրնար վերսկսիլ՝ առանց ճանչնալու Կիպրոսի թուրքերու «ինքնիշխան հաւասարութեան եւ հաւասար միջազգային կարգավիճակը»:

Այսպիսով, Էրտողան անգամ մը եւս մերժած է կղզիի թուրք եւ յունախօս գօտիներէն դաշնութիւն ստեղծելու՝ Կիպրոսի յոյներու մտադրութիւնը: 1974 թուականին կղզի թրքական զօրքերու ներխուժումէն ետք տարածաշրջանը յայտնուած է կիպրոսցի յոյներու եւ թուրքերու միջեւ բազմամեայ վէճի մէջ՝ հակառակ ՄԱԿ-ի շարք մը դիւանագիտական ջանքերուն՝ ուղղուած խնդրի համապարփակ կարգաւորման: