image

Որեւէ մէկն Ատրպէյճանին չըսեր՝ ինչո՞ւ Իսրայէլէն, Թուրքիայէն զէնք կը գնես․ թուրք լրագրող

Որեւէ մէկն Ատրպէյճանին չըսեր՝ ինչո՞ւ Իսրայէլէն, Թուրքիայէն զէնք կը գնես․ թուրք լրագրող

Թուրք լրագրող Պարչըն Եինանչը, Հայաստանի մէջ պաշտօնատար անձանց հետ ունեցած հանդիպումներուն ստացած տեղեկատւութիւնը վերլուծելու ժամանակ, խօսած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան մասին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է Regionmonitor-ը։

Ան նշած է, որ իր ընկալմամբ Հայաստանի մէջ առկայ է մտահոգութիւն, որ Ատրպէյճանը ռազմական ճանապարհով կրնայ փորձել վերցնել այդ «միջանցքը», որ Հայաստանի տարածքով կ՚անցնի։ Ան այդ մտահոգութեամբ բացատրած է Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութիւնը։

«Հայաստանն այդ իսկ պատճառով Ֆրանսայի, Հնդկաստանի նման երկիրներէն զէնք ձեռք կը բերէ, իսկ Ատրպէյճանը կ՚ըսէ՝ չեղարկէ՛ այդ զէնքի գնման պայմանագրերը, ինչո՞ւ զէնք կը գնես, եթէ զէնք կը գնես, կը նշանակէ դուն խաղաղութիւն չես ուզեր, այս տարածաշրջանի համար սպառնալիք կը ներկայացնես»,-ըսած է վերլուծաբանը եւ շարունակած․

«Շատ լաւ, բայց Ատրպէյճանն ալ Իսրայէլէն թէ՛ հետախուզական տուեալներ, թէ՛ զէնք կը ստանայ։ Որեւէ մէկն Ատրպէյճանին չըսեր՝ ինչո՞ւ Իսրայէլէն, ինչո՞ւ Թուրքիայէն զէնք կը գնես։ Իսրայէլի նման երկրի մը պաշտպանական արդիւնաբերութեան կ՚աջակցի, որ 50 հազար պաղեստինցիի կեանք խլած է։ Ամենայն հաւանականութեամբ այդ իրականացուցած ռազմական ինքնաթիռներու վառելանիւթերն այնտեղ կ՚ուղարկուի։ Թուրքիոյ մէջ ալ հազիւ փոքր խումբ մը կրցաւ բողոք բարձրացնել Իսրայէլին Ատրպէյճանի աջակցութեան համար։ Անոնք ալ, գիտէք, ոստիկանական ուժով ձերբակալուեցան»։

Թուրք վերլուծաբանը շեշտած է, որ Հայաստանը յայտարարած է, որ կ՚ընդունի 1991-ին ստորագրուած Ալմաթիի հռչակագիրը։ Հայաստանի դիրքորոշումն Ատրպէյճանի դէմ «ռազմավարական համբերութեան» մարտավարութիւն է։ Երբ Ատրպէյճանն ամէն անգամ նոր բան առաջ կը քաշէ, երբ կ՚ըսէ, օրինակ զէնքի պայմանագրերը չեղարկէ, Երեւանը նոր առաջարկ կ՚ընէ, օրինակ սպառազինման վերահսկողութեան մեքենականութիւն եւ այլն։

«Ի հարկէ չեմ գիտեր, այդ որքան կրնայ այդպէս շարունակուիլ»,-ըսած է ան։