Ողջերթի հաւաք կրթական նուիրեալ մշակք՝ Մանուէլ եւ Սալբի Քէշիշեան ամոլին։
Օրերս իւրայատուկ հաւաքով մը Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ժողովրդապետութեան հաւատաւոր կրօնաւորները, պաշտօնէութիւնն ու համակ աշակերտութիւնը ողջերթ մաղթած են պայմաններու բերումով Լիբանանէն դէպի հեռաւոր ափեր մեկնող կրթական նուիրեալ մշակներ՝ Տէր եւ Տիկին Մանուէլ եւ Սալբի Քէշիշեաններուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեսրոպեան վարժարանի դիմատետրեան խումբէն, ուրկէ ալ կը կատարենք հիմնական մէջբերում մը ստորեւ՝
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմն ու աշակերտութիւնը յուզիչ հանդիպումով մը ողջերթ մաղթեցին վարժարանի երգի երկարամեայ ուսուցիչ եւ դպրոցական երգչախումբերու ղեկավար Բրշ. Տ. Մանուէլ սարկաւագ Քէշիշեանին եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան երկարամեայ ուսուցչուհի տիկին Սալբի Քէշիշեանին, որոնք յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնին Լիբանանէն:
Այս առիթով խօսք առին վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, որոնք վեր բերին Քէշիշեան ամոլին ծառայութիւնները Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Դպրոցին, տասնամեակներու ընթացքին: Պարոն Քէշեշեան իր հերթին հանդէս եկաւ իր սրտի խօսքով, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ ողջերթի ջերմ վերաբերմունքին համար:
Պարոն Մանուէլ Քէշիշեան 53 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ որպէս երգի ուսուցիչ ու եկեղեցական եւ դպրոցական երգչախումբերու ղեկավար: Ան հայ կրօնական եւ ազգային երաժշտութեան շունչով դաստիարակած է իրարայաջորդ սերունդներ: Պարոն Քէշիշեան հիմնադիրն ու ղեկավարն է մեր վարժարանի Փոքր Ծիծեռնակներ եւ Մեծ Ծիծեռնակներ երգչախումբերուն, որոնք միշտ ալ կեդրոնական դեր ունեցած են դպրոցին մէջ հայ ազգային եւ կրօնական տօնակատարութեանց յայտագիրներուն մէջ: Անոր գործունէութիւնը նշանակալի է նաեւ որպէս Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ Արծիւեան երգչախումբի երկարամեայ ղեկավար:
Տիկին Սալբի Քէշիշեան եղած է տիպար ուսուցչուհի մը 30 տարի շարունակ: Ան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ դասաւանդած է քրիստոնէական դաստիարակութիւն, Աստուծոյ Խօսքը մատուցելով մեր մատղաշ սերունդի զաւակներուն: Հետեւողականօրէն իրականացուցած է Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան համար աշակերտներու պատրաստութեան եւ արարողութեան կազմակերպումին պարտականութիւնները: Եղած է գլխաւոր օգնականն ու աջակիցը վարժարանի Հոգեւոր վարիչին: