image

Ֆիտանն ու Պայրամովը քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր

Ֆիտանն ու Պայրամովը քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր

Հեռախօսազրոյց ունեցած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:

Հաքան Ֆիտանն ու Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Անդրադարձ եղած է Պաքու-Կրոզնի չուերթ իրականացնող օդանաւի կործանման: Ֆիտանը Թուրքիոյ անունով աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Կողմերը քննարկած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այդ շարքին՝ Սուրիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հարցը։