Օրերս Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան ընդունած է Գահիրէի տարբեր համալսարաններուն մէջ պատուաբեր արդիւնքներ գրանցած ուսանողները։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ պարգեւատրուեցան համալսարանական այն ուսանողները, որոնք ուսումնական տարին աւարտած են 95%-էն բարձր արդիւնքներով։
Բարձրագոյն ուսման յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած սոյն մտերմիկ ընդունելութեան,
Տոքթ․ Ճորճ Սիմոնեան, յանձնախումբին անունով, ողջունեց գերազանցիկները՝ Լարա Չամքէրթէնեանը, Լոռի Չիլինկիրեանը, Մանէ Սայեանն ու Սեւան Պալթայեանը, քաջալերական խօսքերով գնահատեց իրենց աշխատանքը եւ նշեց, որ Աղեքսանդրիոյ գերազանցիկ ուսանողները՝ Մանուէլա Գալայճեանը, Մէլիսա Թէճիրեանն ու Խաչիկ Փափազեանը, ցաւօք սրտի, չկրցան ներկայ գտնուիլ պարգեւատրման։
Այնուհետեւ, Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աշոտ Ս. Եպիսկոպոս Մնացականեան, իր խօսքը ուսանողներուն ուղղելով շեշտեց, որ անոնց բարձր արդիւնքները հպարտութիւն են թէ՛ իրենց ծնողներուն եւ թէ՛ համայնքին:
Խօսքի աւարտին, Սրբազան հայրը քաջալերական նուէրներով պարգեւատրեց ուսանողները, որոնք իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին Ազգային Իշխանութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ յանձնախումբի անդամներուն։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բոլորին։