Ղազախստանի մէջ կործանած «Azerbaijan Airlines»ի օդանաւի երկու ուղեւոր եւ անձնակազմի մէկ անդամ Reuters-ին ըսած են, որ առնուազն մէկ զօրեղ հարուածի ձայն լսած են, երբ կը մօտենային Կրոզնիին:
Չորեքշաբթի J2-8243 չուերթը վթարի ենթարկուած էր Ղազախստանի Աքթաու քաղաքի մօտ, որու հետեւանքով զոհուած է 38, ողջ մնացած է 29 ուղեւոր։
«Հարուածէն ետք… կը մտածէի, որ օդանաւը կը քանդուի։ Ակնյայտ էր, որ օդանաւը ինչ որ կերպ խոցուած էր։ Կարծես խմած ըլլար, այլեւս նոյն օդանաւը չէր», — հիւանդանոցին մէջ Reuters-ին ըսած է ուղեւորներէն Սուպհոնքուլ Ռախիմովը:
Օդանաւի մէկ այլ ուղեւոր Reuters-ին ըսած է, որ ինքը նոյնպես ուժեղ հարուած լսած է։
«Ես շատ վախցայ»,-ըսած է Ուաֆա Շապանովան՝ աւելցնելով, որ եղած է նաեւ երկրորդ հարուածը։
Ուղեկցորդուհին անոր խորհուրդ տուած է տեղափոխուիլ օդանաւի ետնամաս:
Երկու ուղեւորներն ալ պատմած են, որ պայթումէն ետք խցիկին մէջ թթուածինի հետ կապուած խնդիր եղած է:
Ուղեկցորդուհի Զուլֆուկար Ասատովն ալ պատմած է, որ Կրոզնիի մէջ վայրէջքը մերժուած է մառախուղի պատճառով, ուստի օդաչուն որոշած է շրջանցել, եւ այդ պահուն օդանաւէն դուրս հարուածներ եղած են:
Չորս աղբիւր, որոնք տեղեակ են աղէտի վերաբերեալ Ատրպէյճանի հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն, հինգշաբթի Reuters-ին յայտնած են, որ ռուսական հակաօդային պաշտպանութիւնը սխալմամբ խոցած է ինքնաթիռը։ Ռուսիան յայտարարած է, որ կարեւոր է սպասել պաշտօնական հետաքննութեան աւարտին`հասկնալու համար, թէ ինչ տեղի ունեցած է: