image

Հայաստանի մէջ. Երկուշաբթի օր ընթացք պիտի առնէ կրթական նոր տարեշրջանը

Հայաստանի մէջ. Երկուշաբթի օր ընթացք պիտի առնէ կրթական նոր տարեշրջանը

Հայաստանի մէջ ուսումնական տարին պիտի մեկնարկէ 2 սեպտեմբերին: Նոր ուսումնական տարուան մեկնարկին ընդառաջ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութենէն ներս ամփոփուած են պետական ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտներու եւ ուսումնական գործընթացի կազմակերպման վերաբերեալ նախնական տուեալները: 

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ 2024/25 ուսումնական տարին բոլոր հաստատութիւններուն մէջ պիտի մեկնարկէ 2 սեպտեմբերին, որովհետեւ 1 սեպտեմբերը՝ Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը, այս տարի կիրակի է՝ ոչ աշխատանքային:

Հաղորդագրութեան համաձայն 2024–2025 ուսումնական տարեշրջանին ՀՀ հանրակրթական հիմնական ընդհանուր պետական ծրագիրներ իրականացնող ուսումնական հաստատութիւններու 7 դասարաններուն՝ 2–րդ, 3-րդ, 5-րդ, 6-րդ, 7-րդ, 8-րդ եւ 10-րդ, կրթութիւնը պիտի կազմակերպուի Հանրակրթութեան պետական նոր չափորոշիչով. նշուած դասարանները պիտի ունենան շուրջ 252.760 աշակերտ։ 2024-25 ուսումնական տարուան հանրակրթական դպրոցներուն մէջ նախնական տուեալներով պիտի ուսանին 409․996 աշակերտ։ 2024 թուականի օգոստոսի 30-ի դրութեամբ առաջին դասարանցիներու ընդունելութեան ելեկտրոնային՝ hayt.emis.am համակարգով յայտագրուած է 34․780 առաջին դասարանցի: 

Ըստ  նախարարութեան հաղորդագրութեան 54 արհեստագործական եւ 74 միջին մասնագիտական կրթական ծրագիրներ իրականացնող պետական ուսումնական հաստատութիւններու ընդունելութեան արդիւնքներու նախնական ամփոփումը կատարուած է, ըստ որու՝ արհեստագործական կրթական ծրագիրով այս տարի ընդունուած է 3862 դիմորդ․ նախորդ՝ 2023/2024 տարեշրջանին ընդունուած էր 3106 ուսանող: 

Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ բուհեր (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) ընդունուած է 10.720 դիմորդ, նախորդ տարի ընդունուած էր 10.201-ը: Ընդունուած 10 720 դիմորդներու շարքին ոչ պետական բուհեր ընդունուած է 316-ը՝ 112-ով աւելի, քան 2023 թուականին։