image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մեծ մասը գրաւուած է․ Զարմիկ Պողիկեան

Հալէպի մեծ մասը գրաւուած է․ Զարմիկ Պողիկեան

Թրքամէտ արմատական խմբաւորումները գիշերուան ընթացքին գրեթէ ամբողջութեամբ գրաւած են Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Այս մասին ըսած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանը։

«Գիշերն անորոշութեան մէջ անցած է։ Բախումներու ձայներ կը լսուէին։ Ցերեկն արդէն պարզ էր, որ ընդդիմադիրները գրեթէ ամբողջութեամբ քաղաքին մէջ են, բանակի ներկայութիւն չենք տեսներ։ Առաւօտեան արդէն բախումներու ձայներ չկային»,- ըսած է Պողիկեանը։

Անոր խօսքով՝ հայկական թաղամասերուն մէջ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան։ Բոլորը սպասողական վիճակի մէջ են։

«Մենք կոչ ըրած ենք բնակարաններէն դուրս չգալ»,- նշած է Պողիկեանը։

 

Լուրը՝ «Sputnik Արմենիա»էն