image

Անհետ կորսուածներու հարցերով խորհրդարանական լսումներ պիտի ըլլան. Ալեն Սիմոնեան

Անհետ կորսուածներու հարցերով խորհրդարանական լսումներ պիտի ըլլան. Ալեն Սիմոնեան

Անհետ կորսուածներու հարազատներու հետ Ազգային ժողովէն ներս 2 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը «Ազատութեան» յայտնած է, որ պիտի հրաւիրուին խորհրդարանական լսումներ։

Անոր հաղորդմամբ՝ պիտի հրաւիրուին համապատասխան գերատեսչութիւններէն իրաւասու պաշտօնեաներ, եւ անհետ կորսուածներու հարազատները յուզող հարցերը պիտի դառնան քննարկման առարկան։

Անհետ կորսուածներու հարազատները խորհրդարանին մէջ հանդիպած էին ԱԺ պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ, 44-օրեայ պատերազմի քննիչ յանձնաժողովի ղեկավար Անդրանիկ Քոչարեանի հետ, որու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր, երբ ժամեր շարունակ Բաղրամեան պողոտան փակ պահելէ ետք անոնց հանդիպած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ խոստացած կազմակերպել հանդիպում Քոչարեանի հետ։

Անոնք նաեւ պահանջած են ծանօթանալ քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցին։ Ալեն Սիմոնեանը պարզաբանած է, որ յունուարին ԱԺ նիստին զեկոյցը ներկայացնելէ ետք կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչպէս կրնան իրաւական հնարաւորութիւններ ստեղծել՝ անհետ կորսուածներու հարազատներէն մի քանի հոգիի հնարաւորութիւն տալով գաղտնիութեան ռեժիմով ծանօթանալու ատոր։

Անդրանիկ Քոչարեանն աւելի վաղ ըսած էր, որ հաշուի առնելով փաստաթուղթին մէջ գաղտնի տեղեկատւութեան առկայութիւնը՝ այն պիտի ներկացնէ փակ նիստին։ Այդ պարագային հանրութիւնը ի՞նչ չափով պիտի տեղեկանայ 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան ու կորուստներու պատճառներու մասին՝ պարզ չէ։

Ան նաեւ ըսած էր, որ զեկոյցին «հազարաւոր քրէական գործեր պիտի հետեւին, այդպէս ալ, սակայն չյստակեցնելով, ի վերջոյ երբ խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ։