image

Ողբերգական դէպք՝ Պոսթընի մէջ. Արկածի հետեւանքով մահացած են Արի եւ Անի Օրջանեանները

Ողբերգական դէպք՝ Պոսթընի մէջ. Արկածի հետեւանքով մահացած են Արի եւ Անի Օրջանեանները

Արի Օրջանեան եւ Անի Օրջանեան-Մանուշակեան կը հանդիսանային Պոսթընի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նուիրեալ  եւ գործունեայ զաւակներէն։

Օրերս ծանր վիշտ մը պատած է Հայ Աւետարանական եկեղեցին եւ յատկապէս Պոսթընի Հայ Աւետարանական ընտանիքը։ 

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած են  Արի Օրջանեան եւ վերջինիս հորաքոյրը՝ Անի Օրջանեան-Մանուշակեանը 

Տխուր եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Պատահարը լայն արձագանգ գտած է ամերիկեան մամուլին մէջ եւ այս առումով ամերիկեան Boston 25 News պարբերականը մասնաւորապէս գրած է. «Օրերս Ութըրթաունի մէջ տեղի ունեցած ծանր երթեւեկային արկածին հետեւանքով ստեղծուած է արտակարգ դրութիւն։

Տեսանիւթերէն կը պարզուի, որ շտապ օգնութեան, հրշէջներու եւ ոստիկանութեան բազմաթիւ ուժեր կեդրոնացած են Deluxe Town Diner ճաշարանի մօտ՝ Մաունթ Օպըրն փողոցի եւ Պիկելով պողոտայի հատման շրջանին մէջ։

Օրին Ուոթըրթաունի Ոստիկանութեան Վարչութիւնը իր ֆէյսպուքեան հաղորդագրութեան մէջ յայտարարած է, թէ կը քննէ Պիկելօ պողոտայի վրայ տեղի ունեցած ինքնաշարժային արկածը։ Իշխանութիւնները քաղաքացիներուն կոչ ուղղած են խուսափիլ շրջանը օգտագործելէ եւ ընտրել այլընտրանքային ճանապարհներ, մինչ ոստիկանները կը շարունակեն աշխատանքները դէպքի վայրին վրայ»։

Նշենք, որ արկածին հետեւանքով զոհուած երկու անձնաւորութիւնները,  ըլլալով Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ անդամներ, մեծ ծառայութիւն ունեցած են, հանդիսանալով համայնքին կողմէ սիրուած ու յարգուած անհատներ։

Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Օրջանեան եւ Մանուշակեան ընտանիքներուն, յիշելով նաեւ Հայ Աւետարանկան Եկեղեցւոյ հովիւ, հոգեւոր առաջնորդ եւ կրթական մշակ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանը, որ ազգակ

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։