image
Հրատապ լուրեր:

«Ոչ, ոք կը պատկերացնէր, որ Խորհրդային միութիւնը պիտի տապալի». Սարգիս Վահագն

«Ոչ, ոք կը պատկերացնէր, որ Խորհրդային միութիւնը պիտի տապալի». Սարգիս Վահագն

Արմատներով հաճընցի Սարգիս Վահագն (բուն անունով՝ Սարգիս Փաթափութեան) այսօրուան դրութեամբ կը համարուի սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող ամենէն տարեց (ծնած է Պէյրութ 1927 թուականին), բայց «երիտասարդ» գրողը: Ծնած է Պէյրութ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կը հեռանայ իր ծննդավայրէն ու կը հաստատուի հայերուն համար «խոստացուած» նոր «եդեմ»ը համարուող՝ Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:

Ամերիկեան կեանքէն դժգոհ, հայութեան հարցերով տագնապող եւ գրականութեան հանդէպ իր ուրոյն կեցուածքն ու տեսակէտները ունեցող Սարգիս Վահագն այցելեց Երեւան: Առիթը Հայաստանի Գրողներու միութեան կազմակերպած գրական մէկ հաւաքն էր, ուր ան ելոյթ ունենալով եւ իր քննադատութիւնները «բացէ ի բաց» լսելի դարձնելով Սարգիս Վահագն կը դառնար այդ ժողովի «աստղերէն» մին:

Երեւան կեցութեան իր օրերուն յաջողեցայ հանդիպիլ ու հարցազրոյց մը կատարել երէց գրողին հետ:

*

-Առիթով մը հարցուցած են ձեզի, թէ ինչո՞ւ կը գրէք, պատասխանած էք. «կու գան»… Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաք գրականութեան կալուածին մէջ:

-Ճիշդը, ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինչպէս ինքզինքս գտայ գրականութեան մէջ: Բայց ըսածդ ճիշդ է, անգամ մը որ գան` ա՛լ կու գան, ի վերուստ տրուած է եւ դուն անոր պիտի հնազանդիս:

-Ապերախտ ոլորտ մըն է չէ՞ գրականութիւնը:

-Չէ, ես այդպիսի բան չեմ ըսեր: Կը բաւէ, որ գրականութիւնը բաւարարէ, յագեցնէ հոգեկան աշխարհդ: Եթէ ես գրականութեամբ չզբաղէի, կը կարծեմ, որ դժբախտ կ՚ըլլայի: Որովհետեւ կը տեսնենք, թէ աշխարհը ունայն է, ամէն ինչ պարապ է, ինչ որ կը մնայ Թէքէեանին ըսածն է, ուրիշ բան չկայ: Միլիոններ ունեցողները կ՚երթան այս աշխարհէն ձեռնունայն: Գրականութիւնը իմ ամենամեծ երջանկութիւնս եւ բախտս է: Ուրախ եմ ատոր համար եւ հպարտ:

-Վերադառնանք Պէյրութ, ուր ձեր առաջին քայլերը առիք:

-Առաջին քայլերը չէ միայն, այլ կեանքիս վաթսուն տարիները հոն անցուցած եմ: Ես վաթսունի մօտ էի, երբ լքեցի Պէյրութը: Ամբողջ տասնեօթ տարի տեւող պատերազմին տասնհինգ տարիները «վայելեցի»: Այդ ժամանակ ես MEA-ի (MEA, Լիբանանի պետական օդանաւային ընկերութիւնն է) օդակայանի մէջ կարեւոր գործ ունէի՝ հաշուապահութեան ընդհանուր հսկիչ էի եւ ստիպուած էի երկուքի կիսուած Պէյրութի սահմանագիծը հատել, հասնելու համար իմ աշխատանքիս վայրը: Ու նկատեցի, որ ամէնօրեայ ճամբաս հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ: Եղաւ ատեն մը, երբ ալ դիմադրելը անհնար էր: Տղաքս ալ Ամերիկա ուղարկած էի ուսման համար, հետեւաբար մէկ կողմէն պատերազմը եւ միւս կողմէն անոնց կարօտը ստիպեցին, որ մենք ալ անոնց ետեւէն երթանք: Թէ ոչ մտքիս ծայրէն անգամ չէր անցներ Ամերիկան, հակումս աւելի ֆրանսական էր: Պարտիմ նաեւ ըսել, որ Լիբանանը ոչ միայն իմ կազմաւորումիս, այլ նաեւ լիացումիս նպաստեց:

-Գիտենք, որ աշխոյժ մէկ անդամը եղած էք «Գրական շրջանակ»ին: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ փուլին մասին:

-«Գրական շրջանակ»ը ինծի համար անփոխարինելի ամպիոն մը դարձաւ: Հոն էին երէց սերունդի անդամները՝ Գեղամ Սեւանը, Գառնիկ եւ Ալֆոնս Աթթարեանները: Յետոյ Պոլսոյ սերունդը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ, ինչպէս՝ Զաւէն Պիպեռեան, Արամ Շաւարշ, Տքթ. Աչըքկօզ եւ այլք: Այս խումբը «Գրական շրջանակ»ին ջնարակը եղաւ, Եւրոպան բերաւ մեզի՝ եւրոպական գրականութիւնը, թէեւ ես անձնապէս ծանօթ էի, սակայն աւելի խորացած էի ֆրանսական գրականութեան մէջ:

-Այն ժամանակ Պոլիսէն դէպի Պէյրութ հոսք մը կա՞ր:

-Փախստական տղաք էին բոլորը՝ ձախակողմեան, այսինքն համայնավար եւ եկան ապաստանեցան Պէյրութ: Անոնցմէ մէկն էր Պերճ Ֆազլեանը, որ Լիբանանի թատրոնը ոտքի հանեց, Ժագ Իհմալեանը մեծ նկարիչ դարձաւ, սակայն յետոյ Մոսկուա ու Չինաստան գնաց եւ մեծ իրագործումներ կատարեց, թուրքերը զինք կ՚ընդունին որպէս արդի նկարչութեան առաջատար դէմքերէն մին: Կային նաեւ Փեհլիվանեանն ու Արամ Շաւարշը, որ թուրք-համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարն էր: Այս դէմքերը մեզի համար մեծ ազդեցութիւն ունեցան: Մեր շրջանակներուն մէջ մենք անոնց «Արեւելքի տղաք»ը անուանումը կու տայինք:

-«Արեւելքի տղաք»ը ըսիք։ Շատ գեղեցիկ արտայայտութիւն է, ի՞նչ տուին այս տղաքը ձեզի:

-Շատ զարգացած տղաք էին: Օրինակի համար՝ Պերճը շատ լաւ ծանօթ էր թատրոնի ռուսական դպրոցին, որմէ մենք տեղեակ չէինք: Իսկ ֆրանսական նոր գրականութիւնը ես բերի՝ Էլիւուար, Փոլ Վալերի, եւ սիւրռեալիստներ: Մենք սիւրռեալիստները սերտեցինք եւ տարածեցինք, որովհետեւ անոնք նորութիւն բերին ֆրանսական՝ քիչ մը լճացած գրականութեան: Հիմա մեր նորերը, հարիւր տարի ետք, կը կապկեն այդ շրջանը, բայց յաջող չէ, արդիւնք չտուաւ, որովհետեւ անոնք տաղանդաւոր չեն:

-Նորերը ըսելով ո՞վքեր նկատի ունիք:

-Օրինակի համար, Արքմենիկ Նիկողոսեանի շուրջը խմբուած տղաքը: Օրինակի համար, Վիոլէթ Գրիգորեանը շատ լաւ բանաստեղծուհի է, բայց մոլորած է, մեղք որ մոլորած է, իր արուեստը, պատկերները, շունչը՝ իսկական լաւ բանաստեղծուհի է, սակայն ցաւօք սրտի սխալ ճամբէ գնաց:

-Ձեր շրջանին ալ կայի՞ն այդպիսի համարձակ գրողներ:

-Վահէ Օշականը փորձեց կարգ մը նորարարութիւններ ընել, սակայն ձախողեցաւ: Օրինակի համար, երբ մենք նոր գրողներ էինք «Ազդակ»ին մէջ, գրեց, թէ այս գրողները մինչեւ Արարատն ու Հայաստանը իրենց գրութիւններէն դուրս չշպրտեն՝ գրող չեն կրնար ըլլալ: Սակայն չյաջողեցաւ եւ աւելի մխրճուեցաւ:

-Ի՞նչ է հայ գրողին ընելիքը:

-Հայրենասիրութիւնը, հայապահպանումը, հայ ոգիին զօրացումը, հայ պատմութեան պրպտումը, մեր արմատները գտնելը, ասիկա սփիւռքի եւ նոյնիսկ հայրենիքի գրականութեան իտէալ մը պէտք է ըլլայ, թէ ոչ գրական մարզանքը հովի պէս կու գայ եւ կ՚անցնի: Ի՞նչ կը նշանակէ մարզանք գրականութեան մէջ, երբ պիտի չկարենաս քու ապրած աշխարհդ, սփիւռքի բեկորները ներկայացնել իր բոլոր կողմերով:

Ես շատ կը ճամբորդէի գործի բերումով եւ միշտ ճամբորդութիւններուս ընթացքին՝ ո՛ւր որ ալ երթայի, հայեր կը փնտռէի եւ անոնք դարձած են իմ պատ-մըւածքներուս հերոսները: Անոնք հայու բեկորներ են, որոնք կ՚ապրին կարօտով եւ նահանջով: Շահնուրի նահանջը սկսած էր, իսկ իմս վերջանալու մօտ էր, արդէն իրագործուած էր այդ նահանջը: Ես ուղղակի տեսայ այդ նահանջը:

-Այսօր ո՞ւր հասած է այդ նահանջը, ո՞ր հանգրուանին մէջ է:

-Ես Լիբանանը երեսուն տարիէ ի վեր լքած եմ, բայց կը հետեւիմ այնտեղ կատարուող անցուդարձերուն, որ գրեթէ պարպուած է արդէն այդ ոգեղէն աշխարհէն: Հատ ու կենտ տակաւին միջին սերունդը կայ, իսկ նոր սերունդին մէջ կրնամ ըսել, որ նոր անուններ չկան: Գաով Ամերիկային, ապա վստահօրէն կ՚ըսեմ, որ մեր մօտ ալ նոր ու արժէքաւոր սերունդ մը չկայ: Մենք վերջին մոհիկաններն ենք, իմ սերունդէս ո՞վ կայ, երկու-երեք հոգի ենք, որ կ՚ապրինք: Մնացեալը Հայաստանէն եկած կիսագրագէտներ են, բայց կը գրեն, անդադար կը գրեն: Գալիֆորնիոյ Գրողներու միութիւնը, գոնէ իմ տասնհինգ-քսան տարուան առաջուայ տպաւորութեամբ՝ 250 անդամ ունի եւ անոնցմէ առնուազն երեք գրող չես կրնար առանձնացնել:

-Իսկ նորեր չկա՞ն:

-Այսօրուան երիտասարդութիւնը միայն անգլերէն կը խօսի, իսկ պատանիները հայերէն չեն գիտեր արդէն: Մեր ազգային դպրոցները կը յաճախեն հինգ հազար աշակերտներ, իսկ յիսուն-վաթսուն հազար աշակերտ կը յաճախէ պետական վարժարանները, ուր դասաւանդութիւնը կը կատարուի միայն անգլերէնով: Միայն հայաշատ կեդրոններու մէջ գտնուող վարժարանները օրը մէկ ժամ հայերէն կը դասաւանդեն, բայց ի՜նչ ուսուցիչներով, թափթփած հայերէն գիտցող ուսուցիչներով, որոնք հոն կը վազեն եւ ուսուցիչ կը դառնան:

-Իսկ գաղութի ղեկավարութիւն եւ այլն չկա՞յ:

-Ընդհանուր գոհունակութիւն մը կայ, մարդիկ ինքնագոհ են, որովհետեւ իրենց նկարները միշտ թերթերու առաջին էջերուն կը տեղադրուին, կը փառաւորուին եւ պաշտօններու վրայ են: Շատ գոհ են կացութենէն, չեն ուզեր ոչ մէկ փոփոխութիւն: Ազգային վարժարանները աւարտածներն ալ հայերէն լեզու չեն սորվիր, նոյնիսկ սահուն հայերէն ընթերցանութիւն մը չունին:

-Ձեր կարծիքով՝ ապագան մո՞ւթ է:

-Չենք կրնար ըսել, որ ապագան մութ է, որովհետեւ անդին կան համալսարանական երիտասարդներ, որոնք հայկական ոգիով տոգորուած են, լեզուն չեն գիտեր, բայց սկսած են թափանցել գիտական աշխարհ, գրականութիւն եւ այլն: Ներկայիս ունինք բաւական հայ գրողներ, որոնք անգլերէն կը գրեն, շատ տաղանդաւոր չեն, սակայն ապագային կրնայ Սարոյեան մը յայտնուիլ: Գիտական աշխարհին մէջ լաւ դիրքերու հասնողներ կան, կան նաեւ պետական մարմիններուն մէջ, որոնք բոլորն ալ հայ դատին համար կ՚աշխատին:

-Այսպէս նոր հարցումի մը համար կարեւոր խայծ մը տուիք: Գիտէք այս թեման շատ կ՚արծարծուի, թէ գրողը իր լեզուով հայ է, կամ օտարագիր գրողը ինչքանով հայ գրող է. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

-Ես նոյնիսկ կը կասկածիմ Սարոյեանէն: Սարոյեանը ամերիկացի գրող է, անգլիագիր գրող է, բայց ծնունդով հայ է. ինչպէս՝ Նովոքովը, որ ռուս գրականութեան չի պատկանիր: Ռուսերէն գրած է, այո, սակայն ինքը ամերիկեան արդի գրականութեան մեծերէն է: Ամերիկեան գրականութեան մէջ ամենալաւ գրողները հրեաներ են, սակայն հրէական գրականութեան չեն պատկանիր:

-Իսկ մենք մարմաջ մը ունինք կարծես այս օրերուն, հազիւ գրող մը, օրինակ՝ Փիթըր Պալաքեանը, հռչակ մը ունենայ, մենք բոլորս կը շտապենք զինք որպէս հայ ներկայացնելու: Ի՞նչ կ՚ըսէք դուք այդ մասին:

- Փիթըր Պալաքեանը Ուիլիըմ Սարոյեանին մակարդակին չհասաւ, բայց կրնայ հասնիլ: Սակայն դարձեալ հայ գրող չէ, հայութեան մասին գրած է, կրնայ ոգին ալ ունենալ: Իմ կարծիքով, հայերէն չգրողը հայ գրող չէ:

Գրականութիւն կը նշանակէ բառ եւ իմ կարծիքով, հայ գրողն է, որ այդ բառերը պիտի մշակէ, ինչպէս նաեւ ոճը կարեւոր է, այսինքն առանց լեզուի գրականութիւն չկայ:

Յետոյ սա արուեստական հարցը կայ՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ: Ինչ ըսել է այս, նոյն լեզուն է մանր մունր փոփոխութիւններով: Տասներկու տարեկանիս ես Րաֆֆի կարդացած եմ եւ մտքիս ծայրէն անգամ չէ անցած, թէ արեւելահայ գրող է, թէ արեւմտահայ գրող է: Սկսանք Րաֆֆիով, շարունակեցինք Շիտանեանով, Սմբատ Բիւրատով, բայց յետոյ հայերէնը, այսինքն աշխարհաբարը: Շատ բնական կերպով սորվեցանք, կերտեցինք, ոճական ու բառային նորութիւններ աւելցուցինք: Նոյնը կրնամ ըսել նաեւ արեւելահայերէնին համար: Ես իմ լեզուս արեւելահայերէն բառերով ալ համեմած եմ: Բառեր, որոնք սիրած եմ, այսինքն սահմանում մը չեմ դներ մեր պերճ լեզուի երկու ճիւղերուն միջեւ:

Իսկ գալով ուղղագրութեան՝ մենք քիչ մը շա՛տ, շա՜տ պոռոտախօս ենք: Արեւմտահայերէնը գործածողներս հիմա ափ մըն ենք եւ կ՚ուզենք, որ եօթանասուն-ութսուն տարուայ ուղղագրութիւն, լեզու ունեցող ժողովուրդին մերը պարտադրել: Իրենք թերութիւններ ունին ու մենք կրնանք կարգ մը պզտիկ հպումներով այդ թերութիւնները վերացնել եւ ինչո՞ւ չէ, գրել իրենց ուղղագրութեամբ՝ մէկ ուղղագրութեամբ, ի՞նչ կը պակսի, ի՞նչ կը կորսնցնենք, եթէ է-ի եւ ե-ի միջեւ պզտիկ փոփոխութիւններ ըլլան: Ես մէկ ուղղագրութեան, ուղղագրութեան միասնութեան համամիտ եմ եւ իմ կարծիքով, արեւմը-տահայերէնը դատապարտուած է մահ-ւան: Այսօր քիչցած են արեւմտահայերէն խօսողները, իսկ մօտիկ ապագային գրող ալ պիտի չմնայ: Մեր երթալէն յետոյ ո՞վ պիտի գրէ այդ լեզուով:

-Երբ այս կարծիքը հնչեցնեք, կը քննադատե՞ն ձեզ:

-Անշուշտ, տգէտներ կան, որոնք կ՚ուզեն իրենք զիրենք աւելի հայրենասէր ներկայացնել:

Իմ շրջանակիս մէջ ես միակն եմ, որ այսպէս կը մտածեմ:

Ներկայիս Լոս Անճելըսի մէջ բժիշկ մը կայ, որ մասնագիտութեամբ սրտաբան էր, սակայն ներկայիս չ՚աշխատիր: Լաւ բժիշկ է, բայց քիչ մը անհաւասարակշռուած անձնաւորութիւն մըն է: Ան պարսկահայերուն չորսուկէս միլիոն տոլար յատկացուց, որպէսզի արեւմտահայ ուղղագրութիւնը պարտադրեն Հայաստանին: Այդ չորսուկէս միլիոնին մեղք չէ՞ր, եթէ այդ դրամը տրուէր Կիւմրիի մէջ «տոմիկներ»ու մէջ ապրող ժողովուրդին շատ աւելի հայրենասիրական գործ մը ըրած չէ՞ր ըլլար:

-Ես պիտի ուզէի դարձեալ Լիբանան վերադառնալ: Այնտեղ դուք նաեւ հիմնադրած էք «Նոր Սինեմա» անունով թերթ մը. ճի՞շդ է: Այս մէկը Պէյրութի մէջ այդ տարիներուն նորարարութիւն կը համարուէր:

-Այո, հազուադէպ բան մըն էր: Մենք սինեման որպէս արուեստ կ՚ընդունէինք: Լաւ խումբ մը կազմած էինք: Կային Լեւոն Թորոսեանը, Թուղլաճեանը, Օշին Մարթայեանը: Ասոնք իմ խմբակիս անդամներն էին եւ միասին շատ լաւ աշխատանք իրականացուցինք:

-Ի՞նչ պայմաններու մէջ ստեղծեցիք թերթը, ինչպիսի՞ ընդունելութիւն գտաւ:

-Lettre française-ի ընթերցող էի եւ ամէն Հինգշաբթի ֆրանսայէն կը հասնէր թերթը, ուր Ժորժ Սատուլ անունով նշանաւոր սինեմայի մասնագէտ մը ֆիլմարուեստի մասին շատ արժէքաւոր յօդուածներ կը ստորագրէր: Յետոյ կար նոր սինեմայի շարժումը, ուր կը գործէին ֆրանսական սինեմայի ռահվիրաները, որոնք աւելի ուշ ալ դարձան յայտնի բեմադրիչներ:

Մեր անձնական կարողութիւններով կը տպէինք թերթը՝ ամէն մէկս հարիւր լիբանանեան թղթոսկի կը յատկացնէինք ու գրեթէ ամբողջութեամբ կը ցրուէինք: Աւելի ուշ թերթը դրինք «Գրական շրջանակ»ի հովանիին ներքոյ, որպէսզի իրենք օգնեն մեզի, սակայն գործը չյաջողեցաւ: Արդէն վրայ հասաւ պատերազմը, յետոյ ոստիկանութիւնն ալ խառնուեցաւ առարկելով, որ «դուք հրամանագիր չունիք», եւ այսպէսով թերթի տպագրութիւնը դադրեցաւ: Բայց այդ ուժը կար, այսինքն լաւ մասնագէտներ ունէինք: Լաւ շարժում էր, եթէ պատերազմը չըլլար՝ մենք Լիբանանը աւելի կը ծաղկեցնէինք եւ ինչպէս ֆրանսայէն լաւ գրականութիւն մը ելաւ՝ Լիբանանն ալ կրնար այդպէս ըլլալ:

Այդ փուլէն ետք ինծի առաջարկեցին միանալ «Շիրակ» ամսագրին, որու մէջ գործերուս մեծ մասը լոյս տեսաւ: Օննիկ Սարգիսեանը կը խմբագրէր, կար Լեւոն Վարդանը, Արամ Սեփեթճեանը, Մսըրլեանը եւ ես: Շատ խանդավառ էինք:

-Այդ շրջանին ձեր հրապարակած գործերուն մասին կրնա՞ք խօսիլ:

-Ամենէն ուշագրաւ գործերէս մին Շահան Շահնուրի 250 բանաստեղծութիւններու ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւնն էր, որ Պէյրութի մէջ հրատարակուեցաւ: Մէկ օրինակ ալ ուղարկեցի Տիկին Արփիկ Միսաքեանին եւ հայհոյութեամբ լեցուն պատասխան նամակ մը ստացայ: «Ո՞րմէ հրաման առիք, որ այս բանաստեղծութիւնները հրատարակէք». եւ այլն ըսաւ ես ալ ըսի, թէ քսանհինգ տարիէ ի վեր այս բանաստեղծութիւնները կային՝ թարգմանէիք, ինչո՞ւ ես ձեզմէ հրաման պիտի առնեմ, եւ այլն եւ այսպիսի վէճ մը եղաւ մեր երկուքին միջեւ:

-Իսկ քաղաքական ձեր ըմբռնումները ինչպիսի՞ն էին: Գիտենք, որ փոթորկոտ օրեր ապրած էք մանաւանդ 1958 թուականի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն:

-Ամենամեծ յուսախաբութիւնս Խորհրդային Միութեան անկումը եղաւ: Այդ մէկը չէի սպասեր, Դաշնակցութիւնը չէր սպասեր՝ ես ինչպէս սպասէի: Կը սպասէինք, որ Կորպաչովը բարեփոխումներ կ՚ընէ եւ այդ հզօր երկիրը քայլ առ քայլ կ՚արդիականացուի: Մենք ատոր կը հաւատայինք...

-Ձեր պատասխանը կարծէք «թաքնուած» պատասխան մըն է, ձեր քաղաքական արեւելումին վերաբերեալ: Ի՞նչ կ՚ըսէք:

-Այլեւս կուսակցութիւններէ քաշուած եմ, որոշ շրջան մը Ռամկավար կուսակցութեան անդամ եղայ Ամերիկայի մէջ: «Շիրակ»ի մեր շրջանակին մէջ ընդհանարապէս ռամկավարներ կային ու ես այդ շրջանակին մէջ է, որ գործեցի: Կար նաեւ «Բագին»ն ու անոր շրջանակը: Ու իմ կարծիքով՝ «Բագին»ն ու «Շիրակ»ը Փարիզի «Մենք»էն յետոյ մեր ընտրելագոյն ամսագիրները դարձան:

-Քաղաքական տարակարծութիւն չունէի՞ք «Բագին»ին հետ:

-Սնապեանի հետ մեծ բախում ունեցայ:

Թէքէեանի յիսնամեակը պիտի նշէինք, գիտես Թէքէեանը դպրոց մըն է՝ կը սիրես կամ չես սիրեր, եթէ սիրես կը պաշտես: Այդ օրերուն «Բագին»ին մէջ Սնապեանը, ուրկէ՞ փնտռեր գտեր էր եւ Թէքէեանը ֆաշիստ կոչելով յօդուած մը գրած է: Թէքէեանը 1920-ին Հռոմէն անցեր է, երբ ֆաշիստական կուսակցութիւնը տակաւին նոր հիմնուած էր եւ Թէքէեանը անկէ ազդուած բանաստեղծութիւն մը գրած է, այսինքն ուզած է, որ հայ ժողովուրդը ա՛լ աւելի կազմակերպուած ըլլայ։ Սնապեանը այս բանաստեղծութիւնը տպեց «Բագին»ի մէջ, տակն ալ յօդուած մը գրեց: Ես ալ «Նենգափոխութիւն» ըսելով յօդուած մը գրեցի, կեանքիս մէջ այդպէս յարձակողական յօդուած չէի գրած: Անշուշտ անձնական բան մը չէր, գրեցի, թէ ինչպէ՛ս կը համարձակիք Թէքէեանի նման վեհանձն հոգի ունեցող մէկը ֆաշիստ կոչել: Մէկը, որ կ՚ըսէ. «Թող պարտէզները բացուին եւ ամէն մարդ մտնէ հաւասար»: Թէքէեանը մեծ քաղաքագէտ էր: Գրեցի, թէ դուք չէ՞ք կրնար հանդուրժել դրացիին տունը կատարուած ուրախութիւնը եւ խառնել կ՚ուզէ՞ք: Այս յօդուածէն ետք արդէն անցան տարիներ եւ ես Ամերիկա փոխադրուած էի եւ ինք ոչ մէկ ձեւով արձագանգեց յօդուածին: Ամերիկա գալէս ետք պատմուածքներու հատորս պատրաստ էր եւ տպագրութեան համար բաւարար նիւթական չունէի: Իմ համեստ պայմաններով, նոյնիսկ առանց խմբագրութեան գիրք մը հրատարակեցի եւ հարիւր օրինակով տպել տուի: Անշուշտ սխալներ սպրդած էին եւ չեմ գիտեր, թէ ինչպէս գիրքը Սնապեանի ձեռքը անցած էր եւ լաւ մը քննադատած էր ըսելով, թէ այդ տեսակի գիրքերը պէտք է այրուին: Այդ մէկը իմ պատմուածքներու հաւաքածոն էր «Տագնապ» խորագրով եւ, ըստ իս, իմ լաւագոյն պատմուածքներու հատորն է, եթէ նախընտրութիւն դնելու ըլլամ: Աւելի ուշ Տքթ. Թորոս Թորանեանը Սնապեանի ըսած էր, թէ այդ գիրքին մէջ սխալներ կային, սակայն նաեւ կային շատ լաւ կերտուած տիպարներ, պատմուածքներ, անոնք չի տեսա՞ր: Սնապեան չէր պատասխանած... Ան այդպիսով իր վրէժը կը լուծէր քսան տարի ետք...:

Երբ «Շիրակ»ի քսանհինգամեակին առթիւ Վարդգէս Պետրոսեանը Պէյրութ կու գար, կ՚ըսէր. ««Բագին» երթալ կ՚ուզեմ». կ՚առնէինք զինք ու «Բագին»ի խմբագրատուն կը տանէինք: Ես դէմքով չէի ճանչնար Սնապեանը, սակայն անունով շատ լաւ գիտէի՝ «Ես այդ շունն եմ»էն ի վեր: Կողքինիս կամացուկ մը հարցուցի, թէ Սնապեանը ո՞ւր է: Այս մէկը Պետրոսեանը լսեց եւ ըսաւ. «Ի՞նչ է, ես Հայաստանէն պիտի գամ եւ Լիբանանի գրողները իրար պիտի ծանօթացնեմ, այս մէկը անվայել է»... Մենք, անշուշտ ամօթով մնացինք, իրապէս մեղադրելի էր այդ երեւոյթը:

-Քանի՞ տարիէ ի վեր չէիք այցելած Հայաստան:

-Հայաստանի անկախութենէն ի վեր չեմ այցելած Հայաստան: Փափաք մըն ալ չկար մէջս, որովհետեւ այնպիսի լուրեր կը հասնէին մեզի, որ սիրտ չթողուցին:

-Իսկ ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը:

-Յոյսս երիտասարդներն են, տեսնուեցայ քանի մը երիտասարդի հետ, որոնք պաշտօններու վրայ են եւ տպաւորուեցայ, գործնապաշտ են: Բախտի բերմամբ ծանօթացայ Կոմիտասի համալիրի տնօրէնին հետ, որ երիտասարդ մըն էր, մօտեցաւ մեզի եւ Կոմիտասին նուիրուած ելոյթի համար երկու հրաւիրատոմս տուաւ, գացինք զրոյց ունեցանք եւ շատ տպաւորուեցայ: Շատ լաւ ձեւով կազմակերպուած էր նոյնպէս համերգը: Այնպէս, որ շատ դրական տպաւորութիւններով պիտի մեկնիմ հայրենիքէն, ինչպէս՝ միշտ:

-Իսկ դժուա՞ր է հայրենիքէն հեռու ապրիլը:

-Տարիքը յառաջացած մարդոց համար Ամերիկան շատ լաւ տեղ է, որովետեւ ամէն ինչ ապահովուած է՝ բժշկութիւն, դեղօրայք եւ այլն: Այդ բոլորը ձրիաբար կը հայթայթեն մեզի, այսինքն ամէն բանով կը խնամեն մեզ, պէտք չէ ապերախտ ըլլալ: Սակայն ասոր կողքին կայ նաեւ ժխտական կողմը՝ իր արտառոցութեամբ, իր «խենթութեամբ»:

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Ամերիկայի ապագան:

-Ամերիկայի ապագան մութ է, բայց մեր սերունդին համար չէ, մէկ-երկու սերունդ այսպէս կը շարունակուի, բայց յետոյ մեծ հարցականեր կրնան ծագիլ: Լաթինօ կոչուածները եւ սեւամորթները Ամերիկայի «վերջը պիտի բերեն»: Քիչ մը խանդավառ էինք Թրամփով եւ յոյս ունէինք, որ կրնայ իր խելագարութեամբ առաջքը առնել, բայց այնքան խենթ է, որ անոր փոխարէն ուրիշ հարցեր ստեղծեց....:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանա»/Պոլիս