image
Հրատապ լուրեր:

Զինուորի վիրաւորման խնդրով՝ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է

Զինուորի  վիրաւորման խնդրով՝ քրէական  վարոյթ նախաձեռնուած է

Հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողի գործով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է՝ զինուորական ծառայութենէն խուսափելու մասին յօդուածով։ Այս մասին կը տեղեկանանք Քննչական կոմիտէէն։

«Դէպքի առթիւ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝  Քրէական օրէնսգրքի 527-րդ յօդուածի 1-ին մասով (առողջութեանը վնաս պատճառելու (անդամախեղելու), հիւանդութեան սիմուլյացիայի կամ ապօրինի այլ եղանակով զինուորական ծառայութիւնից խուսափելը կամ դրա առանձին պարտականութիւնների կատարումը դադարեցնելը)», յայտնած են Քննչական կոմիտէէն՝ անդրադառնալով հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողի դէպքին:

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ յայտնած էինք, որ ՀՀ ՊՆ դիրքերէն մէկէն զինծառայողը hրազէնային վիրաւnրումով տեղափոխուած է «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոց: