image

Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչներու այցը Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին

Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչներու այցը Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին

Օրերս, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչները այցելութիւն տուած են Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչները՝ հոգաբարձութեան անդամներ, փոխ տնօրէնն ու քարտուղարուհին։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։

Այցելուները, վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանին ողջոյնները փոխանցելով հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի աւարտական հանդէսին, որ տեղի պիտի Շաբաթ, 9 Օգոստոս 2025-ին։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց տարուած աշխատանքը, կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի յառաջիկայ գործունէութեան եւ իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց այցելուներուն։