Շուրջ երկու ամիսէ մեկնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնանորոգման աշխատանքներուն երկրորդ փուլը՝ Յաւերժութեան տաճարի թեք մոյթերու եւ վարչական մասնաշէնքի տանիքի նորոգումը:
Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի հիմնանորոգման ընթացքին ե՛ւ թանգարանը, ե՛ւ յուշահամալիրը բաց պիտի ըլլան այցելուներու եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու համար: Այդ նպատակով մոյթերը հերթով կը հիմնանորոգուին․ այժմ կ’ընթանան առաջին երկու մոյթերու վերականգնման աշխատանքները:
Թանգարան-հիմնարկէն յայտնած են, որ աշխատանքներու շնորհիւ պիտի լուծուի տասնամեակներու ջրահեռացման խնդիրը, որու պատճառով քայքայուած էին մոյթերու քարերը’ առաջացնելով քարաթափման վտանգ, իսկ վարչական եւ թանգարանի մասնաշէնքերուն մէջ մշտապէս կար անձրեւաջուրերու ներհոսքի խնդիր։
Նախորդ տարի առաջին փուլով իրականացուած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յարակից կանաչապատ տարածքներու ոռոգման համակարգի բարելաւման աշխատանքները, որու շրջածիրէն ներս Եղեւնիներու պուրակին մէջ գործարկուած է ոռոգման կաթիլային համակարգ։
Հիմնանորոգման ճարտարապետական խումբի ղեկավարը ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Սաշուր Քալաշեանն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի եւ թանգարան-հիմնարկի նախագիծի համահեղինակներէն է։