Այո՛, մենք կորսնցուցինք 5000-է աւելի երիտասարդ հայեր եւ կորսնցուցինք Արցախը։ Կրնա՞նք այն վերադարձնել՝ ես չեմ տեսներ այդ հնարաւորութիւնը։ Հայաստանի մէջ ապրող հայերն ալ պատերազմ չեն ուզեր։ Մենք չենք կրնար մեր կարծիքը պարտադրել Հայաստանի ժողովուրդին։ Անոնք կը փափաքին այս պատերազմին աւարտը եւ խաղաղութիւն կը փնտռեն…։
Նախագահ Թրամփ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կեանքի կոչեց, զոր երկու կողմերն ալ ընդունեցին , եւ այսպիսով պատերազմը վերջացաւ։ Ես ալ կը պաշտպանեմ խաղաղութիւնը՝ փրկելու համար հայ երիտասարդներու կեանքեր։
Ահա՛ իմ պատճառներս, զորս շատ մտածուած կերպով ներկայացուցի։ Կը կարծեմ, որ Փաշինեան այս պարագային ճիշդ քայլ մը առաւ՝ ստորագրելով խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Եթէ ան սխալ բաներ ընէ՝ միշտ կը քննադատեմ, բայց այս պարագային ան ճիշդ գործեց։ Կ’ուզեմ, որ Հայաստան խաղաղութիւն ունենայ 🇦🇲🇺🇸»
Ամերիկահայ ազգային բարերար Մայք Սարեան, կը գրէ.
«Ես միշտ եղած եմ արդար եւ հաւասարակշռուած իմ բոլոր կարծիքներուս եւ քաղաքական տարբեր հարցերու մօտեցման մէջ։ Ազատ կերպով կ՚արտայայտեմ մտածումներս՝ առանց որեւէ մէկու ազդեցութեան։ Ասպարէզիս եւ կեանքի այս հանգրուանին ոչ մէկու ազդեցութեան տակ եմ։Կրնայ պատահիլ, որ իմ բարեկամներուս կարծիքները լսեմ եւ յարգեմ, բայց վերջաւորութեան կը գործեմ իմ ազատ կամքով, եւ ինչպէս երգը կ’ըսէ՝ I did it my way «կ’ընեմ զայն իմ բացառիկ ձեւով»։
Հաւատացած եմ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը օգտակար է Հայաստանի համար եւ կը նշանակէ պատերազմի աւարտ։ Արդեօք այս լաւագոյն արդիւնքն է՞՝ ո՛չ։ Կարելի՞ է, որ Հայաստան կրկին պատերազմի եւ յաղթէ՝ ո՛չ։ Պէ՞տք ունինք նորանոր հայ երիտասարդներ կորսնցնելու՝ ո՛չ։ Եթէ այս հարցերուն բոլոր պատասխանները «ոչ» են, ուրեմն այլ ընտրանք չկայ, բացի խաղաղութիւն հաստատելէ եւ պատերազմին վերջ տալէ, որպէսզի այլեւս ոչ մէկ հայ երիտասարդ զոհուի։