Երկար տարիներ «Ազդակ»ին, «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանին ու աւելի ուշ ալ լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» կայանին մէջ հայերէն լուրերու բաժնի մէջ որպէս խմբագիր գործած Ապտալեան սիրուած անուն մըն է լիբանանահայութեան մէջ։
Համացանցէն վերահասու դարձանք, որ լիբանանահայ մամուլին երկար տարիններով ծառայած Արմէն Ապտալեանը կաթուած մը անցուցած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Ապտալեանի կողմէ կատարուած գրառումէն։
Կը նշուի նաեւ, որ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ, եւ պիտի բոլորէ ապաքինման շրջան մը։
Երկար տարիներ «Ազդակ»ին, «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանին ու աւելի ուշ ալ լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» կայանին մէջ հայերէն լուրերու բաժնի մէջ որպէս խմբագիր գործած Ապտալեան սիրուած անուն մըն է լիբանանահայութեան մէջ։
Վերջին տարիներուն եւ յատկապէս առողջական խնդիրներու լուծման նպատակով ԱՄՆ փոխադրուած Ապտալեան ներկայիս կը գործէ, որպէս մեկնաբան եւ անոր ելոյթներն ու հարցազրոյցները կ՚երեւին «Հայրենիք» պարբերականի «Եու-թյուպ»եան ալիքով։
Ամբողջական ապաքինում եւ դէպի իր սիրած ասպարէզը վերադարձ կը մաղթենք մեր գործընկերոջ։