Քեսապի մէջ ծայր առած հրդեհներէն ու գոյացած մեծ վնասներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան այցելութիւն տուած է գիւղ, մօտէն ծանօթանալու ստեղծուած իրավիճակին։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հալէպի «Փեթել» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հովուական առաքելութեամբ այցելեց Քեսապի հրկիզուած պարտէզները՝ մօտէն տեսնելու վնասները եւ լսելու բնակիչներուն մտահոգութիւնները։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը շատ փորձութիւններ տեսած է, բայց միշտ նոր ուժով ոտքի կանգնած է։ Այս պարտէզները կրկին պիտի ծաղկին, որովհետեւ ձեր հաւատքն ու տոկունութիւնը կրակէն աւելի ուժեղ են»։
Այցելութիւնը դարձաւ յիշեցում, որ Աստուած, որ ամեն բան իր ձեռքը ունի, պիտի պահէ ու հաստատ կանգնեցնէ իր ժողովուրդը։
Աւարտին, Համայնքապետ Վերապատուելին քաղաքավարական այցելութիւն կատարեց Քեսապի նահանգապետարանի վարչական տնօրէն՝ Տիար Ուսամա Ալ Ճէսիին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հրշէջներուն եւ պատկան մարմինի պետական միաւորներուն կրակը
մարելու իրենց անվերապահ ջանքին եւ աշխատանքին համար։
Աւարտին Համայնքապետ Վերապատուելին քաղաքավարական այցելութիւն կատարեց Քեսապի նահանգապետարանի վարչական տնօրէն՝ Տիար Ուսամա Ալ Ճէսիին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հրշէջներուն եւ պատկան մարմինի պետական միաւորներուն կրակը
մարելու իրենց անվերապահ ջանքին եւ աշխատանքին համար։