image

Հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար․ ՊՆ

Հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար․ ՊՆ

Հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Այս մասին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն։

«Ի պատասխան «հրազէնային վիրաւորումով հոսպիտալ տեղափոխուած զինծառայողի» վերաբերեալ հարցումների՝ յայտնում ենք, որ զինծառայողը ենթարկուել է վիրահատական շտապ միջամտութեան, տեղափոխուել Կեդրոնական կլինիկական զինուորական հոսպիտալ։

Այժմ զինծառայողը հոսպիտալի բժիշկների հսկողութեան ներքոյ է, եւ նրա կեանքին վտանգ չի սպառնում»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Աւելի վաղ, shamshyan.com-ը գրած էր, որ օգոստոս 25-ին Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան Գեղարքունիքի ռազմական ոստիկանութիւն տեղեկութիւններ ստացուած են, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկու դիրքերուն մէջ կրակոց հնչած է եւ կայ վիրաւոր: