image

Սուրբ Մարիամի Վերափոխման տօնը՝ Անթիլիասի մէջ. Պատարագած եւ քարոզած է Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

   Սուրբ Մարիամի Վերափոխման տօնը՝ Անթիլիասի մէջ.  Պատարագած եւ քարոզած է Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

 Սուրբ Աստուածածնայ  վերափոխման տօնին առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր՝ Անթիլիասի մէջ։

 Սուրբ Պատարագը մատուցած է եւ յաւուր պատշաճի պատգամ տուած է այս առթիւ Անթիլիաս ժամանած ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։

 «Արեւելք» Անթիլիասի  արարողութեանց մասին իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

 

Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին։ Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի կողմէ։

Պատարագիչ սրբազան հայրը իր յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի արժանիքները եւ զանոնք դիտել տուաւ ներկայ դարուս կենցաղի լոյսին տակ։ Առ այդ, ան նշեց, որ Աստուածամօր բարեխօսական դերակատարութեան սկիզբը Քրիստոսի առաքելութենէն առաջ իսկ է, բայց եւ այնպէս՝ պէտք չէ անոր առաքելութիւնը սահմանափակել լոկ բարեխօսութեամբ։ Այս իմաստով, ան երեք հիմնական յատկանիշներ ընդգծեց՝ ա) Սուրբ Մարիամի ընտրութիւնը որպէս Աստուածամայր, բ) անոր ծնողքին կողմէ ստացած դաստիարկութիւնը եւ, իր կարգին, Քրիստոսի փոխանցումը այդ եւ գ) անոր մայրական հոգատարութեան անսահմանափութիւնը, նոյնիսկ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին։ 

Արդարեւ, սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առաւ Սուրբ աստուածածինի առնչուած այն դրուագները, ուր յստակօրէն կը յիշատակուին անոր Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ ըլլալը։ Աստուածածին ընտրուեցաւ բարեպաշտ ընտանիքէ մը, որ ստացած է հրէական օրէնքի դաստիարակութիւնը եւ, իր կարգին, նոյն դաստիարակութիւնը փոխանցեց իր Որդիին՝ Քրիստոսի։ Այս իմաստով սրբազան հայրը նշեց ազգային եւ կրօնական դաստիարակութեան ջամբումին անհրաժեշտութիւնը մեր հայր կեանքին մէջ, մանաւանդ ներկայ դարուս, երբ դուրսէն մուծուած ապրելակերպեր կ՚աղաւաղեն մեր հարազատ մշակոյթն ու կենցաղը։ Վերջապէս, Մեսրոպ արքեպիսկոպոս խրախուսեց յատկապէս հայ մայրերը, որ բոլոր պայմաններու ու տարիքի մէջ հետամուտ ըլլան իրենց զաւակներուն եւ չզլանան մայրական գուրգուրանք ու հոգատարութիւն տածելու իրենց զաւակներուն՝ հետեւելով Սուրբ Կոյս Մարիամի կեանքի օրինակին, որ մինչեւ վերջ Աստուծոյ Միածին Որդիին շրջապատեց իր գուրգուրանքով, եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կատարուեցաւ խաղողօրհնէք՝ շարականներու երգակցութեամբ եւ սաղմոսերգութիւններու ու աղօթասացութիւններու արտասանութեամբ