image

Քեսապ. Էսկիւրան գիւղին մէջ տօնական Պատարագ եւ շքանշաններու տուչութիւն

Քեսապ. Էսկիւրան գիւղին մէջ տօնական Պատարագ եւ շքանշաններու տուչութիւն

Հոգեպարար հմայքով մը Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տօնը նշուած է Քեսապ հայկական շրջանի Էսկիւրան գիւղին մէջ։

Այս առթիւ նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք.ին մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, որու աւարտին ալ տեղի ունեցած երախտիքի հանդիպում մը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ մատաղօրհնէք կատարուեցաւ, Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, մեծաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Օրուան պատարագիչն էր՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան։

Էսկիւրանի գեղատեսիլ բնութեան մէջ դպրաց դասը հոգեպարար կերպով Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եւ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին նուիրուած շարականներ երգեց։

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի մատրան շրջափակը, ուր Սօսիի ծառին ներքեւ, Ս. Աստուածածինի նորօծ սրբապատկերին առջեւ աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց, մասնակցութեամբ՝ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի եւ հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի։ 

Այս առիթով, տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանի տուչութիւն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընդառաջելով Քեսապի հոգեւոր տեսուչի եւ թաղական խորհուրդի խնդրանքին, օրհնութեան գիրով եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց քեսապահայ ազգայիններ՝ Աբրահամ Կարճիկեանը, Փառէն Յովսէփեանը եւ Ռաֆֆի Հանէշեանը։ Հայր սուրբերը հոգեկան ցնծութեամբ ընթերցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան գիրը, ուր Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձած է քեսապահայութեան կեանքէն ներս երեք շքանշանակիրներուն ունեցած վաստակին եւ երկար տարիներու ծառայութեան։ Ապա, Սրբազան Հայրը օրհնութեան գիրն ու Ծառայութեան շքանշանը յանձնեց իւրաքանչիւրին։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական յորդորները փոխանցելով, շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով։ Ան գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանը, Քեսապի թաղական խորհուրդը, սարկաւագները, դպրաց դասը եւ քեսապահայութեան զաւակները, որոնք իրենց ներդրումը բերին Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնի նախաձեռնութիւններու յաջողութեան համար։ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց նաեւ բոլոր բարերարները՝ իրենց եկեղեցանուէր ներդրումին համար։

Աւարտին, օրհնուած մատաղը բարեմաղթութիւններու փոխանակումով բաշխուեցաւ ուխտաւորներուն։

Յիշենք, որ նախորդ օրը երեկոյեան, մինչեւ լոյս առաւօտ քեսապցիներ հսկելով մատաղի պատրաստութեան, Էսկիւրանի մէջ տօնական ցնծութեամբ յիշատակեցին Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնը։