Սարգիս Երուանդ Տեմիրճեանին հրաժեշտը՝ իր երախտաշատ շքերթով ու բուխ ժառանգութեամբ
Կ’ըսեն, եւ իրաւացիօրէ՛ն, հայաթափութիւնը, մարդաթափութիւնը ու տերեւաթափութիւնը համատարած եւ համընդհանուր են, մանաւանդ, երբ անոնք կը զգացնեն պարապութիւններ, ունայնութիւններ, ամլութիւններ, նոյնիսկ՝ ամայութիւններ։
Առաջին պահուն, մարդիկ կը սարսափին, կը սոսկան այդ «տեղին կամ անտեղի» շարժերէն, անակնկալներէն, անսպասելիութիւններէն, թէկուզ անոնց մէջ տեսնեն կարգ մը բնականութեան կամ սովորականութեան հեւքեր։
Սակայն, հայ ժողովուրդն է, որ ամենէն աւելի կ’ազդուի այդ «թափուք»ներէն, որոնցմէ շատ տուժած է իր ամբողջ պատմութեան ընաթցքին, իսկ վերջին ամեակներուն, ատոնցմէ ոմանք նկատուած են ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏ, ինչպէս՝ հայրենիք լքելը, գաղթելը, չուելը, թափառիլը, թերեւս ստիպողական պատճառներով, բայց, վերջին հաշուով, ցաւալի եւ ողբալի ճակատագիրներու դուռ բանալով։
Սակայն, այս տխրաերեւոյթներուն մէջ, որոշապէս ամեէն սրտաճմլիկը ու մտահոգիչը կրնայ ըլլալ «ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ»ութիւնը, իր խիստ փոխաբերական իմաստով, բայց, ճնշող ճշմարտութեամբ, որովհետեւ, անիկա ցոյց կու տայ կամ կը յուշէ ֆիզիքական, հոգեկան կամ բարոյական թիրախաւորումներու եւ անկումներու… տարափ մը։
***
Անցնող տարիներուն, հայութիւնը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, շա՜տ տառապեցաւ այս «ցնցում»ներէն, որոնց նկատմամբ, այո՛, կար հասկացողութիւն, որովհետեւ «կեանքի անգիր օրէնք»ները այլընտրանք չէին ձգեր, բայց, ատոնք երբ՝ կամայ թէ ակամայ, կը թուլացնեն ու կը տկարացնեն կամ կը դալկացնեն ու կը տժգունեն ընտանիքի մը, շրջանակի մը, հաւաքականութեան մը կեանքը, անտարակոյս, անոնք կը ձգեն խոր վէրքեր։
Իսկ այդ ժամանակներուն, ո՜վքեր չապրեցան (ու չեն ապրիր) այն մղձաւանջները, որոնք առաջացան (ու կ’առաջանան), տարբեր պատճառներով, բայց, հոգետանջ հետեւանքներով ստեղծելով անդարմանելի սպիներ։
Մէկ կողմէն՝ հայրենիքը իր ազգամեծար, հեղինակաւոր, վաստակաւոր, ականաւոր, հանրայայտ, միջազգային ու համաշխարհային դէմքերու կորուստով, իսկ միւս կողմէն՝ Սփիւռքը, իր ձեռնհաս եւ արժանաւոր ղեկավարներէն, առաջնորդներէն, տեսլապաշտներէն ու կազմակերպիչներէն զրկուելով, երկու պարագաներուն ալ, տերեւաթափութիւնը դարձաւ փոթորկող ալիք, որ՝ մերթ ընդ մերթ, անոնց բացակայութիւնը դարձնելով խոր տագնապ, իր ամենօրեայ եւ առօրեայ ընթացքներով եւ ելեւէջներով։
Այս բարձրաձայնումը հրատապ եղաւ, ի մասնաւորի այն թանկագին եւ յարգելի ազգայիններուն, մտաւորականներուն, հասարակական գործիչներուն եւ, ընդհանրապէս, լիբանանահայ գաղութին մէջ հանրածանօթ ու պատուական դէմքերուն շիջումով, որոնց երբեմն կանխահաս, երբեմն անակնկալ, երբեմն ալ՝ սպասելի կորուստներով մեծ բաց մը ձգուեցաւ ամենուր, առանց այդ ալ, հետզհետէ այդ կարգի անձնաւորութիւններու նօսրացումով։
Անշուշտ, ցաւալի էին այդ հեռացումները, բայց, վստահաբար, անոնց տեղ կրնան գալ նորեր, երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք այս կամ այն ձեւով, համապատասխան մարզերէ ներս կրնան փոխարինել իրենց նախորդները ու կը դառան արժանի ժառանգորդները անոնց։
Այդուհանդերձ, այդ մեկնողներուն մէջ եբրեմն կþըլլան այնպիսիներ, որոնք իրենց դերերով ու ներդրումներով, դիրքերով ու պաշտօններով, նպաստներով եւ առաւելութիւններով, ոչ միայն օրինակաբեր են, այլեւ պարծանք ու պատիւ բերող ազգային ներկայացուցիչներ, արժանի յարգելիութեամբ, պատկառելիութեամբ ու բարեշնորհութեամբ։
Ահաւասիկ, ատոնց շարքին մէջ, իւրայատուկ աչքառու տեղ կը գրաւէր.
ՏԻԱՐ ՍԱՐԳԻՍ ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆը,
որ ի տէր յանգեցաւ 8 Յունիս 2025ին, խոր սուգի մատնելով ընտանիքը, հարազատները, բիւրաւոր հայ թէ արաբ բարեկամները եւ յատկապէս ՀԲԸ Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան բազմաճիւղ կառոյցներու անդամներն ու պատասխանատուները։
Պրն. Սարգիսը կը սերէր այնթապցի համբաւաւոր գերդաստանէ մը, որուն հայրը ծանօթ էր իբրեւ պատուարժան անհատականութիւն մը, յաճախ «Երուանդ Աղա» փաղաքշական յորջորջումով, իր նկատմաբ ունենալով այնքան ազնուութեամբ, վեհանձնութեամբ ու վեհութեամբ զգացում ու վերաբերմունք, լիբանանահայ թէ տեղական բազմատեսակ շրջանակներէ ներս, մանաւանդ որ՝ ինք հիմնադիրն էր ու նախագահը՝ երկաթեայ ու պողպատեայ խողովակներու ու ծորակներու տարաբնոյթ ու խայտաբղէտ լայնաշերտ գործարանի մը, որ Միջին Արեւելքի մէջ չունէր իր նմանը, շուտով, յետագային կոչուելով «Տեմքօ» համանունով։
Իր երեք զաւակները, գլխաւորութեամբ Սարգիսին, Աւետիսին եւ Յակոբին, իրենց հօր ժամանգութեան շառաւիղով, այդ գործարանը «միջազգայնացուցին», ամէն մէկը իր շնորհքներուն մասնակցութեամբ ու տնօրինումներու կատարողութիւններով։
Պրն. Սարգիսը, իբրեւ անդրանիկ զաւակ, բնական էր, որ դառնար իր հօր արժանաւոր ժառանգորդը, իր եղբայրներուն համագործակցութեամբ, ազգային-միութենական, կրթական-հասարակական կեանքի մէջ դառնալով շինարար, ձեռներէց, բարերար ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵ Ընկերակցութեան մարզերէն ներս հոգատար, գուրգուրոտ ու հովանաւորելի վերաբերմունքներով, գործնապէս, բծախնդրօրէն եւ աչալրջօրէն զանոնք իրականացնելով։
Մեզմէ բաժնուող Պրն. Սարգիսը, իր նկարագիրի զգօնութեամբ ու լրջութեամբ, հանդարտութեամբ, ինքնօրինակ եւ ինքնաբարոյ անձնաւորութիւն մըն էր, որուն մօտ կարելի էր տեսնել մարդկային յարաբերութիւններու լաւագոյն գիծեր, կարելի էր գտնել ազգային ցայտուն յատկութիւններ, որոնք զինք կը դասէին այն եզակիներու շարքին, որ իր աշխարհայեացքով, գործունէութեամբ, նուիրականութեամբ, ծառայութեամբ, պատրաստակամութեամբ ու նպատակասլացութեամբ կը մնար փայլուն ու պայծառատես համազգայինը, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի մէջ գրաւելով օրինակելիութեան ու տիպարութեան անկրկնելիութիւն մը։
**
Այս տխուր առիթով, կ’ուզեմ անդրադառնալ Սարգիս-հայուն, Սարգիս-մարդուն, բայց, մանաւանդ Սարգիս-միութենական ղեկավարին մասին։
Հայրենիքէն երբ վերադարձայ, յետ համալսարանական-ուսումնական աւարտս, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակէն ներս, քարտուղարի պատշօն ստացայ, երբ Յանձնաժողովի ատենապետն էր Սարգիսին հայրը՝ Պրն. Երուանդը, պատկառելի արտաքինով, բայց, ազնուութեամբ եւ ոգեղինութեամբ համակուած հզօր անձնաւորութիւն մը, որմէ ետք, Ալեք Մանուկեան նորակառոյց կեդրոնին մէջ (1971ին բացումը կատարուելով Ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանին ու տիկնոջ, իրենց ընկերակցող մեծաթիւ պատուիրակութեան ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ), իսկ 1973ին, ունեցայ պաշտօնի բարձրացումներ, «Խօսնակ»ի պատասխանատու խմբագիր, ապա Շրջանակային Յանձնաժողովի դիւանապետ, հուսկ՝ Կրթական Յանձնախումբի վարիչ-քարտուղար։
Առ այդ, յաճախ կը տեսնէի Պրն. Սարգիսը, որպէս Միութեան Կրթական Յանձնախումբի գանձապահ, որ վրաս մեծ տպաւորութիւն ձգած էր, իր գեղադէմութեամբ, բարձրահասակութեամբ, «շիք»ութեամբ, ապա, իր հաճելի ժպտերեսութեամբ, մինչեւ որ՝ իր հետ աւելի անմիջական, մտերմիկ ու մնայուն դարձան հանդիպումները, Շրջանակային Յանձնաժողովի շաբաթական ժողովներէն ներս, ուր Պրն. Սարգիսը գործօն ու հաղորդական ներկայութիւն մըն էր, իր շինիչ դիտողութիւններով, օգտակար խորհուրդներով ու լուսաբանութիւններով, զգացականութենէ հեռու դիտարկումներով, միշտ կողքին կանգնելով Միութեան անձնակազմերու (ուսուցիչ, պատշօնեայ թէ այլք) իրաւունքներու եւ ԱՐԴԱՐ իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։
Հետաքրքրական եւ ուշագրաւ էին իր դատումներն ու կարծիքները, ակնարկութիւններն ու միջամտութիւնները, որոնք, կարճ ու կտրուկ էին, տեղին ու նպատակային, որոնց անմիջապէս համաձայն կը գտնուէին ժողովականները, յատկապէս, լայնախոհ եւ զգաստ Ատենապետ Պրն. ԿԱՐՊԻՍ Լ. ՆԱԶԱՐԵԱՆը, որուն ներկայութիւնը ու գլխաւորութիւնը, յոյս ու հաւատք, վստահութիւն ու վճռակամութիւն կը ներշնչէին։
Պրն. Սարգիսը, էր նաեւ գործնամտութեան եւ աշխատունակութեան «ախոյեան» մը, իր ժողովական բաժինը լիուլի կատարած ըլլալով, թէ՛ ինք, թէ՛ ժողովականները գոհունակութիւն կը յայտնէին «բարդ, խճճուած ու հանգուցար» հարցերը արագօրէն լուծելու եւ ճշգրտելու ուղղախօսութեամբ, ի զարմանս շատերուն, ի՛նք, իր նոյն բարի ժպիտով, խնդումներես կը մեկնէր, դարձեալ հանդիպելու ուժականութեամբ։
Այս ընթացքին, երբ 1975ին լիբանանեան պատերազմը սկսաւ, ես յաճախ կ’այցելէի Տեմիրճեաններու բնակարանը («Ճեֆինոր»ի կողքին), ուր սկիզբը «Աղա Երուանդ»ը կ’ընդունէր զիս՝ լայնաբազուկով, ապա, Պրն. Սարգիսը, իր հիւրասիրական ջերմութեամբ, հարցնելով թէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ օգնել։
Բնական է, իմ այցելութիւններս, ձեռքիս տակ գտնուող թղթապանակներով, ԶՈՒՏ միութենական էին (դպրոցներէն սկսեալ), իսկ ինք՝ յօժարակամ եւ կարելի արագութեամբ բծախնդրութեամբ եւ յաջողութեամբ զանոնք «լուծելու» պատրաստակամ մը։
Յետագային, երբ ապահովական կացութիւնը աւելի բարդացաւ ու բռնկեցաւ, հազուադէպօրէն զինք տեսնելու առիթ կ’ունենայի, բայց, այդ կապն ալ զիս կը մխիթարէր, որ Սարգիսին նման «հարազատ» մը տակաւին կար միութենական կեանքին ու շրջապատին մէջ, իր առաւելագոյն ճիգերով, օժանդակելով հարցադրուած ու հարցադրելի օրակարգերուն։
***
Յուշերը եւ յիշատակները շատ են, յուշող եւ ոգեշնչող, որոնք կապուած են մեր երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնք այս գաղութին, ՀԲԸՄին եւ ՀԵԸին շա՜տ բան տուին, ինչպէս երախտաշատ Պրն. Սարգիսը, որ լուռ, զուսպ եւ ինքնամփոփ համեստութեամբ, եղաւ «տիպարներու տիպարանուէր» համակրելի ու հաղորդելի մեծութիւններէն անմոռանալի մէկը։
***
Խորին ցաւակցութիւններ, տիկնոջ՝ Սեդային, զաւակներուն՝ Երուանդին եւ տիկնոջ, դուստրին՝ Ռաֆֆի եւ Թալին Պաշեանին, Ալեքսին եւ տիկնոջ, եղբայրներուն՝ Աւետիսին եւ Յակոբին, համայն ազգականներուն, նաեւ ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵ ԸՆկերակցութեան մեծ ընտանիքին, երկնային մխիթարութիւն ու հոգեկեցութիւն մաղթելով ՄԵԾ ԱԶԳԱՅԻՆԻՆ ՈՒ ԲԱՐԵՐԱՐԻՆ, յիշատակին առիթով։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)