Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու կողմէ «Տրուժպա» նաւթամուղին վրայ յարձակումը համարժէք է Ուքրանիոյ կողմէ Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ վրայ յարձակման։ Այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօն «Մարտիկներու ժամ» հաղորդման ընթացքին։
«Այս յարձակումները ուղղուած են Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ դէմ։ Անոնք կը վնասեն Հունգարիան եւ Սլովաքիան, եւ ռուսական կողմին հետ բացարձակապէս որեւէ կապ չունին»,– ըսած է ան։
Նախարարը նաեւ ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին «բացայայտ, կոպիտ եւ անամօթ կերպով սպառնացած է Հունգարիոյ»։ Ան նկատի ունեցած է այն յայտարարութիւնը, ուր նախագահը «Տրուժպա»-ի գոյութիւնը կապած էր Պուտապեշտի դիրքորոշման հետ՝ Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով։
«Նախագահ Զելենսքի յստակեցուցած է, որ եթէ Հունգարիան չընդունի ուքրանիամէտ դիրքորոշում, անոնք պիտի շարունակեն յարձակումներ գործել «Տրուժպա» խողովակաշարին դէմ, որ կենսական նշանակութիւն ունի Հունգարիոյ ուժանիւթային անվտանգութեան համար»,– ըսած է նախարար Սիյարթօն։