image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտին. Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան տուն կանչուած է

Պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտին. Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան տուն կանչուած է

ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հրամանագիր ստորագրած է, ըստ որու՝ Վահագն Աթաբեկեանը ետ կանչուած է Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն։

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 14-րդ յօդուածի.

Վահագն ԱԹԱԲԵԿԵԱՆԻՆ յետ կանչել Լիբանանի Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնից»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ: