image

Հայաստանի ժողովուրդի կողքին. Մայք Սարեանի կեցուածքը հայրենապաշտի մը կեցուածքն է

Հայաստանի ժողովուրդի կողքին. Մայք Սարեանի կեցուածքը հայրենապաշտի մը կեցուածքն է

Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

Հայաստանի ժողովուրդը կտրականապէս դէմ է պատերազմին, հետեւաբար ինք եւս Հայաստանի լայն հասարակութեան կողքին է ու սատար է այդ համաձայնութեան։

Օրեր առաջ համացանցի վրայ լայն քննարկումներ տեղի ունեցան կապուած Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած համաձայնութիւն-նախաստորագրման։

Քննարկումները բազմապիսի են ու կայ անշուշտ «որոշակի» անորոշութիւն մը, թէ ինչպէս պիտի իրականութիւն դառնան այդ համաձայնութեան կէտերը, մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ «յոխորտալ» իր տարած «յաղթանակ»ով ու նաեւ խօսիլ իրենց բանակի յաւելեալ հզօրացման մասին։

Այս քննարկումներու ծիրէն ներս ուշագրաւ գրառում մը կատարեց ամերիկահայ յայտնի բարերար Մայք Սարեան, որ թուարկելով առկայ բոլոր մակարդակի «ռիսքեր»ը ըսաւ, թէ ինք դրական կը համարէ եղածը։ 

Սարեան նշած էր, որ իր համար Փաշինեանն ու անոր վարչակազմը միշտ ալ քննադատութեան թիրախ դարձած են, սակայն այս քայլը, որ պիտի տանի դէպի խաղաղութիւն բոլոր առումներով ողջունելի է։

Հայ բարերարը, որ յաճախ, տարբեր միջոցներով, տարբեր հարթակներով դրամական մեծ նեցուկ ցոյց տուած է, Հայաստանի պետական կառոյցներուն (Սերժ Սարգսեանի, թէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան ժամանակ) նոյնպէս կը համարուի մեծ բարերար մը՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ աթոռներուն ու յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Սարեան իր խօսքը աւարտելով (խօսքի ամբողջութիւնը ստորեւ՝ յղումով) շատ պարզ ու գործարար մարդու տրամաբանութեամբ հիւսեց ու նաեւ դիտարկեց, որ Հայաստանի ժողովուրդը կտրականապէս դէմ է պատերազմին, հետեւաբար ինք եւս Հայաստանի լայն հասարակութեան կողքին է ու սատար է այդ համաձայնութեան։ Այլ խօսք, որ ի՞նչ պիտի տայ այս համաձայնութիւնը՝ Հայաստանին, կ՚ենթադրեմ ան կը խորհի, թէ ինչ ալ ըլլան պայմանները ամերիկեան դրօշի մը ներքոյ ստորագրութիւն մը տալը, շատ աւելի «ապահով» է, քան Մոսկույի «փէշերէն» կախեալ մնալը... Այլ խօսք, որ այս պահուն Մոսկուան անգամ անզօր է այդ համաձայնութիւնը հարուածելու, կամ ինչպէս ընդունուած է այստեղ ըսել՝ «Թորբետահարելու»։

Բոլոր առումներով ողջունելի է Սարեանի կեցուածքը, ու երանի բոլոր ազգային, թէ անդրազգային բարերարները այս կերպ վարուին...