image

Իրանի դեսպանը վտարուած է Աւստրալիայէն

Իրանի դեսպանը վտարուած է Աւստրալիայէն

Իրանի դեսպանը արտաքսուած է Աւստրալիայէն՝ «հաւաստի հետախուզական տուեալներու» հիման վրայ, որոնք կը մատնանշեն, որ Թեհրանը ղեկավարած է հակասեմական յարձակումները Աւստրալիոյ մէջ։ Աւստրալիոյ հետախուզական գործակալութիւնը կը պնդէ, որ Իրանը կանգնած է միջադէպերու ետին, ներառեալ՝ Մելպուռնի Ատաս Իսրայէլ սինակոկի հրկիզման յարձակումը։

Ըստ երկրի ազգային լրտեսական գործակալութեան՝ Իրանը կազմակերպած է առնուազն երկու յարձակում Աւստրալիոյ հրէական համայնքին վրայ։ Այս բացայայտումը վարչապետ Ալպանեզէի կառավարութիւնը մղած է վտարելու Քանպերայի մէջ Թեհրանի դեսպանը, կը հաղորդէ The Guardian-ը։

Վարչապետ Էնթոնի Ալպանեզ յայտարարած է, որ Աւստրալիոյ հետախուզական կառոյցները իրանական հետք նշմարած են Սիտնիի մէկ ճաշարանին եւ Մելպուռնի սինակոկին դէմ կատարուած յարձակումներուն մէջ։

ASIO-ի գործադիր տնօրէն Մայք Պուրկեսը ընդգծած է, որ յարձակումները կազմակերպուած են Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդին (IRGC) կողմէ՝ «վստահուած անձանց շերտաւոր կարկանդակի»՝ Աւստրալիոյ մէջ գործող վճարովի միջնորդներու միջոցաւ։

Աւստրալիոյ մէջ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը պիտի ներառուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ, իսկ նոր օրէնքներու նախագիծը պիտի քննարկուի դաշնային խորհրդարանին կողմէ։