Մահացած է Հայաստանի գրողներու միութեան եւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան անդամ, լրագրող, հրապարակախօս Յովհաննէս Պապիկեան:
Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած են իր ընկերները։
Ան 79 տարեկան էր:
Պապիկեան եղած է «Մանկավարժ» բազմատպաքանակի պատասխանատու քարտուղար։ Աշխատած է ձայնասփիւռի երիտասարդական հաղորդումներու խմբագրութեան եւ հեռատեսիլին մէջ։
Այնուհետեւ եղած է Սահմանադրական դատարանի մամուլի քարտուղարը: