image

Ոչ եւս է հայրենի հաղորդավար՝ Զաւէն Յարութիւնեանը

Ոչ եւս է հայրենի հաղորդավար՝ Զաւէն Յարութիւնեանը

Մահացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, «Դիպուած» հաղորդաշարի հեղինակ ու վարող Զաւէն Յարութիւնեանը: Ֆէյսպուքեան իր էջով յայտնած է Զաւէն Յարութիւնեանի որդին` Հրանդ Յարութիւնեանը:

Զաւէն Յարութիւնեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Յունիս 3-ին` ժամը 18:00-ին, «Եդեմ» սգոյ սրահին մէջ: Յուղարկաւորութիւնը` Յունիս 4-ին, ժամը 13:00-ին:

Զաւէն Հրանդի Յարութիւնեանը ծնած է 1952 թուականի Սեպտեմբեր 29-ին, Երեւանի մէջ:

1969-1974 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու պետական մանկավարժական հիմնարկի ֆրանսերէնի բաժնին մէչ,

1981-1986 թուականներուն Մոսկուայի պետական Մորիս Թորեզի անուան օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ, պաշտպանած է թեկնածուական թեզ` ստանալով գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:

1974-1976 թուականներուն աշխատած է Քասախ գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ` որպէս ուսուցիչ:

1994-1997 թուականներուն եղած է Երեւանի Մարզահամերգային համալիրի փոխտնօրէնը:

1974-1981 թուականներուն Վալերի Պրիւսովի անուան Երեւանի պետական լեզուաբանական համալսարանին մէջ ֆրանսերէն դասաւանդած է 1-2-րդ տարուայ ուսանողներուն, 1986-1993 թուականներուն` նոյն համալսարանի 3-4-րդ տարուայ ուսանողներուն ֆրանսերէնի դասախօս:

1993-2002 թուականներուն Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանագերմանական բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ, 2009 թուականէն` Երեւանի պետական համալսարանի ֆրանսական բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ:

Բազմաթիւ յօդուածներու, հրապարակումներու հեղինակ է: