ՀՀ Վճռաբեկ դատարանը սեպտեմբեր 26–ի որոշմամբ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի եւ անոր պաշտպանի վճռաբեկ բողոքը վարոյթ ընդունիլը մերժած է, եւ դատավճիռը ստացած է օրինական ուժ։
Այս մասին կը տեղեկանանք «Դատալեքս»–էն։
Սա կ՚ենթադրէ, որ դատապարտեալ Ջալալ Յարութիւնեանը պատիժը պիտի կրէ համապատասխան քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։
Աւելի վաղ Ջալալ Յարութիւնեանը կրկին վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած էր՝ պահանջելով բեկանել իր վերաբերեալ վճիռը եւ կայացնել արդարացման դատական որշում։
Յիշեցնենք` 2025-ի յունուար 15-ին Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ տեղի ունեցած դատական նիստին Ջալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ մեղադրական վճիռ կայացուած էր։ Փետրուար 6-ին կայացած նիստի ժամանակ ալ հանրային մեղադրողը պահանջած էր Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը դատապարտել ազատազրկման` 6 տարի ժամկէտով, իսկ տուժող կողմը` 8։
Ջալալ Յարութիւնեանը մեղաւոր ճանչցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 550-րդ յօդուածի 3-րդ մասով՝ «զինուորական պաշտօնէական անփութութիւն, որ կատարուած է ռազմական դրութեան, պատերազմի ժամանակ կամ մարտի պարագաներուն, կամ որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է մարդու մահ» յօդուածի յատկանիշներով։
Յունիս 18-ին ՀՀ վերաքննիչ դատարանը Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի դատավճիռը թողած է անփոփոխ. ան դատապարտուած է 5,5 տարիով։