image

Ոչ եւս է Ֆրանսահայ ՀՅԴ գործիչ Կարօ Քորանեան

Ոչ եւս է Ֆրանսահայ ՀՅԴ գործիչ Կարօ Քորանեան

 Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՀՅԴ նուիրեալ գործիչ՝ Կարօ Քորանեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Մեզի յղուած հակիրճ մահագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուի ՝ «Սրտի կսկիծով կը գուժենք Կարօ Քորանեանի անակնկալ մահը,որ պատահեցաւ 9 Նոյեմբեր֊ին յետ սրտի կաթուածի Փարիզի մէջ։

 Կարոն ծնած է Հալէպ 1965֊-ին։ 1982֊-ին մեկնած էր Փարիզ,ուր ստացած է բարձրագոյն կրթութիւը։Իր հայրենասիրական ոգին մղած էր իրեն ազգային միութենական գործեր վարելու։Ան Փարիզի «Արմէն Գարօ» կոմիտէի հերթապահն էր։

 Հայրենասէր հայ, հոգատար հայր, անզուգական եղբայր եւ ազնիւ մարդ մըն էր ան»։