image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Արասի Պալապանեանը. Հանգուցեալը հանրայայտ դերասանուհի էր Պրազիլիոյ մէջ

Ոչ եւս է  Արասի Պալապանեանը. Հանգուցեալը հանրայայտ դերասանուհի էր Պրազիլիոյ մէջ

Օրերս Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ մահացած է մեր հայրենակցուհի, պրազիլիական տեսաշարերու յայտնի դերասանուհի Արասի Պալապանեան։

Արասի Պալապանեան ծնած է 1940 թուականին Պրազիլիոյ Մադօ Կրոսօ Տը Սուլ նահանգի Քամփօ Կրանտ քաղաքը։ Ծնողները՝ Ռաֆայէլ եւ Եսթեր Պալապանեանները, Լատինական Ամերիկա հասած էին Արեւմտեան Հայաստանի Նոր Հաճն քաղաքէն՝ փրկուելով 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն։ Արասիի ծնողները մինչեւ իրենց հանդիպիլը այրի էին եւ Արասին ընտանիքի ութերորդ երեխան էր ծնողներու նախորդ ամուսնութիւններու երեխաները հաշուելով։ Ծնողները ցանկացած են զինք Արաքսի անուանել՝ Արաքս գետի պատւոյն, սակայն որոշած են իրենց նոր հայրենիքին ալ արժանի անուն մատուցել՝ հանելով անունէն «ք» տառը։ Հարաւային Ամերիկայի հնդիկիներու թուփի-կուարինեան լեզուով «արասի» կը նշանակէ «լոյսի մայր»։

Ընտանիքը փոխադրուած է Սան Փաւլօ, ուր Արասի ոգեւորուած դերասանուհի Մարիա Տելա Քոսթայի մասնակցութեամբ թատերական ներկայացումով։ Արասի ընդունուած է ընկերային գիտութիւններու ամպիոնի փիլիսոփայութեան համալսարան, զուգահեռ ուսանելով տեղի Տրամաթիկական արուեստի դպրոցը, որ 22 տարեկանին յաջողութեամբ աւարտած՝ հօր կամքին հակառակ երրորդ դասարանին լքելով համալսարանը։

1964 թուականին, Արասի առաջին անգամ երեւած է հեռատեսիլի մէջ, Tupi TV հեռուստաալիքի Սոֆոքլեսի թատրոնի հիման վրայ նկարահանուած «Անտիկոնէ» հեռատեսիլային ներկայացումով։ Այդ բեմադրութեան գլխաւոր դերին համար Պալապանեան արժանացած է տարուան լաւագոյն դերասանուհի կոչման, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր «Փոքեթ Փինթու» թատերական մրցանակին։ Արասիի հայրը՝ Ռաֆայէլ Պալապանեան, որ չէր ներած դստեր կիրքը բեմի նկատմամբ եւ խզած էր կապերը անոր հետ, հաշտուած է դստեր հետ 1968 թուականին՝ շնորհիւ հեռատեսիլի համար Արասիի նոր դերին։ «Անթոնիօ Մարիա» վէպին մէջ ան խաղցած է հանրայայտ դերասան Սերժիօ Քարտոզուի հետ, որու հանդէպ ակնածանք կը տածէր Ռաֆայէլ։ Այդ դերէն յետոյ հայրը դարձած է դստեր ամենանուիրուած երկրպագուն։

1968 թուականին Արասի խաղցած է իր ամենայաջող թատերական դերերէն մէկը՝ ելոյթ ունենալով ամերիկեան ականաւոր «Մազըր» երաժշտական պրազիլիական տարբերակին մէջ։ Այնուհետեւ Արասին հրաւիրուած է պրազիլիական հեռատեսիլային առաջին մանկական հաղորդման՝ «Սեզամ փողոցին»։ Ռիօ Տը Ժանէյրօ փոխադրուելէն յետոյ Արասի սկսած է համագործակցիլ հանրայայտ Globo TV ընկերութեան հետ։

Արասիի մասնակցութեամբ Globo TV-ի ամենագլխաւոր նախագիծերէն մէկը 1990 թուականի «Մետաղի փշրանքներու թագուհին» հեռատեսիլային վէպն էր։

1997 թուականին Արասի Պալապանեան ստացած է մրցանակ հեռատեսիլին մէջ կնոջ լաւագոյն դերին համար՝ Ֆիլոմենա Ֆերետոյի կերպարը «Նոր զոհը» տեսաշարին մէջ ներկայացնելու համար։ Հեռատեսիլին մէջ ան հանդէս եկած է Տիկին Հայաստան (Dona Armênia) դերանունով։

Դերասանուհին Globo TV-ի ամենագլխաւոր նախագիծերէն՝ 1990-ի «Մետաղի փշրանքներու թագուհին» հեռատեսիլային վէպը առանձնայատուկ համարելու համար առնուազն երկու պատճառ ունէր. նախ` անոր հեղինակն էր Արասիի հին ընկեր Սիլվիօ Տը Ապրէօն, որու հետ ան ուսանած էր Տրամաթիկական արուեստներու դպրոցը, ապա` ան կրկին վերադարձած էր իր արմատներուն, որովհետեւ ըստ սենարին՝ գլխաւոր հերոսուհին, պիտի ըլլար երեք որդիներու մայր Հունկարիայէն գաղթած, բայց նկարահանումներու մեկնարկէն առաջ Տը Ապրէօ Արասիին առաջարկած է կերպարը վերափոխել հայու։ Այդպէս ալ յայտնուած է Տոննա Արմենիան (Տիկին Հայաստան)։ Այդ ժամանակ դերասանուհին սորված էր հայերէն գրել, կարդալ եւ հասկցած էր, որ երբեք պիտի չի մոռնայ այն «լեզուի մեղեդին», որով կը խօսէին ծնողները։ Այդպիսով պրազիլիական հեռատեսիլային վէպի հերոսուհին հայկական առոգանութեամբ օժտուած էր. փորթուքալերէնի եւ հայերէնի զուգակցութեամբ չթարգմանուող արտայայտութիւնները դարձած էին  Տոննա Արմենիայի այցեքարտը։

Արասի Պալապանեան չէ ամուսնացած եւ երեխաներ չէ ունեցած։ Մահացած է 7 օգոստոս, 2023-ին Ռիօ Տը Ժանէյրօ։