Economist Intelligence Unit-ի Economist Group ընկերութեան վերլուծաբանական բաժինը որոշած է 2021 թուականի աշխարհի ամենաանվտանգ քաղաքը:
Անվտանգութիւնը երկար ժամանակ ճանապարհորդներու առաջնային հոգն էր, երբ հարցը կը հասնէր երթուղիի ընտրութեան։ Բայց 2020 եւ 2021 թուականներուն համավարակի պատճառով «անվտանգութիւնը» այլ որակ ձեռք բերաւ։
Economist Intelligence Unit-ը ամէն տարի կը գնահատէ 60 միջազգային զբօսաշրջիկական ուղղութիւն անվտանգութեան հարցվ՝ անձնական, թուային, առողջական, ենթակառուցուածքային եւ բնապահպանական։
Գոփընհակընը առաջին անգամն է որ ստացած է աշխարհի մէջ ամենաանվտանգ քաղաքի կարգավիճակ։ Քաղաքը հաւաքած է 82,4/100 միաւոր։ Դանիոյ մայրաքաղաքը 2019-ին զբաղեցուցած էր ընդամէնը ութերորդ տեղը վարկանիշին մէջ։