Մեսրոպեանը Առաջատար՝ Կրթական Նորարարութիւններու Մէջ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը եւս մէկ անգամ կը հաստատէ իր առաջատար դիրքը Լիբանանի կրթական կեանքին մէջ՝ ներդնելով նորագոյն արհեստագիտութիւնները ուսումնառութեան գործընթացին մէջ: Վարժարանը, Պօղոսեան հիմնադրամին աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով, ձեռք բերաւ 17 հատ Meta Quest 3S սարքեր, որոնք պիտի ծառայեն կրթութեան նոր, արդիական ու ներգրաւիչ փորձառութիւն ապահովելուն:
Virtual Reality-ի (VR) այս սարքերը պիտի օգտագործուին զանազան դասարաններու աշակերտներուն կողմէ՝ տարբեր առարկաներու ուսումնասիրման համար: Այս նորարարական նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի խորացնելու գիտելիքներու ընկալումը՝ աշակերտներուն ընձեռելով հնարաւորութիւն անմիջականօրէն մասնակից դառնալու ուսումնական գործընթացին՝ 3D եւ ներգրաւիչ միջավայրի մը մէջ:
VR-ի Կարեւորութիւնը Կրթութեան Մէջ
Virtual Reality-ի արհեստագիտութիւնը արդէն իսկ համաշխարհային մակարդակով մեծ տարածում գտած է կրթութեան ոլորտին մէջ՝ շնորհիւ իր բազմակողմանի հնարաւորութիւններուն։
VR-ը առարկաները կը դարձնէ աւելի դիւրաւ ընկալելի՝ շնորհիւ եռաչափ պատկերներու եւ շօշափելի փորձառութեան: Օրինակ՝ աշակերտները կրնան ուսումնասիրել մարմնի կազմախօսութիւնը կամ շրջագայիլ պատմական վայրերու մէջ առանց ֆիզիքապէս հոն գտնուելու: Անիկա կը նպաստէ գործնական մտածողութեան զարգացման, ուսումնառութիւնը կը դարձնէ աւելի հետաքրքրական եւ ներգրաւիչ, կը խթանէ աշակերտներու խանդավառութիւնը եւ կ՛ընդլայնէ անոնց մասնակցութիւնը դասընթացքներուն:
Առաջին Փորձարկումները
5 Մարտ 2025-ին, Meta Quest 3S սարքերուն փորձարկումը կատարուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, Meta-ի ներկայացուցիչ՝ EDU VENTURE ընկերութեան աշխատակիցներուն առաջնորդութեամբ։ Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, կրթական պատասխանատուները, ուսուցիչները եւ զանազան դասարաններու աշակերտներ ծանօթացան սարքերուն հնարաւորութիւններուն եւ գործնական կիրառութիւններուն:
Սարքերը արդէն իսկ կը պարունակեն համապատասխան կրթական ծրագիրներ, որոնք նախատեսուած են բազմաթիւ առարկաներու ուսուցման համար: Այս ծրագիրներու ներդրումը կը նպաստէ, որ ուսուցումը դուրս գայ դասագիրքերու սահմաններէն եւ վերածուի կենդանի փորձառութեան:
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ կրթութիւնը դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ, հետաքրքրական եւ ժամանակակից, պատրաստելով ուսանողներ, որոնք կրնան համաքայլ ընթանալ 21-րդ դարու կրթական պահանջներուն:
Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանը անգամ մը եւս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Պօղոսեան հիմնադրամին, որ միշտ ալ զօրավիգ եղած է վարժարանին տասնամեակներու ընթացքին, յատկապէս նորարար ծրագիրներու իրագործման մէջ: