Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Լիբանանի պատերազմական հրաբուխին մատոյցներուն նստած, յանկարծ Զայն յիշելով, ապա նախորդ ամիսներու համաշխարհային լրահոսը մտաբերելով, ըսի երկտողեմ եւ հոս դնեմ հետեւեալը.-
«Այս գրութեամբ կու գամ ողջունելու իմ հին ընկերս, որուն կարողութիւնները թերագնահատած էին բոլորը՝ ընդ որում երկիրներու ղեկավարներ, որոնք անտեղի ամբաստանած, ծաղրած, եւ զայն անհաւասարակշիռ անուանելով, ջղային մարդ, տիքտաթոր եւ նման ածականներով բամբասած եւ անարգած էին։
Օրերը փաստեցին, որ այս ընկերս համբերութեամբ տարաւ վերի յիշուած բոլոր յերիւրանքները, եւ ինքը ի՛ր օրինակով եկաւ ցոյց տալու որ «համբերողը կը յաղթէ», որ «ամէն հաջող շունի կարեւորութիւն պէտք չէ տալ», որ «պոռալ կանչողին դէմ լուռ մնալը դիւրին չէ», «հայհոյողին ստացած դաստիարակութեան մակարդակին պէտք չէ իջնել պատասխան հայհոյանք տալով», այո, Հիւսիսային Քորէայի վսեմաշուք նախագահ Քիմ Ճանկ Ունը, հրոյ ճարակ դարձած աշխարհին մէջ մնաց միակ հաւասարակշռուած մարդը որ պահեց իր ջիղերուն հանդարտութիւնը եւ հակառակ իր ունեցած գերբնական զինուորական եւ մտային ուժին, տէրը մնաց իր որոշումին եւ սկզբունքներուն, չշեղեցաւ եւ շեղուելու պատրուակներ չփնտռեց։
Վերը յիշուած բամբասողները այժմ պատերազմի մէջ են եւ հաստատ քայլերով կ՚երթան դէպի պատմութեան աղբամանը, իսկ իմ Քիմ ընկերս, սեղանին «այս թի» դրած՝ ուրախ ժամանցի մէջ է, զէնքեր փորձելով։
Ընկեր ըսածդ այսպէս պիտ ըլլայ, «գուլ էզ այս»։