Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնի նախագահ Սեմ Սիմոնեան ընդունուեցաւ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Առաքելեանին կողմէ
Սփիւռքի ամենատարբեր գաղութներուն մէջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի – ՀԲԸՄ յարաբերութիւնները միշտ ալ եղած են ուղենշային ու կենսական։ Եկեղեցի–Հաւատք մեր ամուր հոգեւոր շէնքին կից գոյացած ու գործած են կրթական օճախներ եւ մշակութային կեդրոններ, եւ այդ առումով երեւելի ու պատմական դերակատարութիւն ունեցած է ՀԲԸՄ-ը՝ իբրեւ համահայկական կառոյց, որ տասնամեակներ շարունակ սատար կանգնած է մեր հաւաքական կեանքին։
Հայկական մեծ օրակարգին մէջ հիմնարար դեր զբաղեցնող ՀԲԸՄ-ի նոր ղեկավարութիւնը օրերս այցելութիւններու շարք մը ունեցաւ՝ նախ Կիպրոսի, ապա Յունաստանի մէջ։ Այս շրջագայութիւնը կը դիտուի որպէս առիթ՝ վերահաստատելու կառոյցին ներկայութիւնը եւ վերակազմակերպելու իր առաքելութիւնը յատկապէս այն գաղութներուն մէջ, ուր հայկական կեանքը կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։
Մասնաւորաբար Աթէնքի մէջ Սեմ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Առաքելեանին կողմէ։ Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, շեշտադրուելով եկեղեցական եւ ազգային կառոյցներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի եւ Սրբազան Հօր միջեւ կայացած հանդիպման մանրամասնութիւնները։
Անշուշտ կը յուսանք, որ Տիար Սեմ Սիմոնեանի Աթէնք հանգրուանումը պիտի դառնայ իսկական առիթ մը նոր գնահատականներու եւ գործնական քայլերու՝ թէ՛ Կիպրոսի, թէ՛ Յունաստանի հայկական գաղութներուն համար, ուր տեղւոյն հայութիւնը անձկութեամբ կը սպասէ ՀԲԸՄ-ի վաղեմի առաքելութեան վերաթարմացման փուլին։
Ստորեւ՝ լրատուութիւնը
Այսօր Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ տիար Սեմ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէին Հ.Բ.Ը.Մ. Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետ տիար Արիս Խաչատուրեանը եւ վարչութեան անդամները։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի մասնաճիւղի ատենապետ տիար Վազգէն Յակուբեանը եւ կառոյցին նշանաւոր գործիչներ՝ տիարք Նազարէթ Ֆըստըքճեանը, Մարկ Կիտլէնը, ինչպէս նաեւ Արին Ղազարեանը եւ Սիլվա Սիմոնեանը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ազգային եւ համայնքային կեանքին առնչուող կարեւոր հարցեր։
