image

Մաքրոն վերահաստատած է իր աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին

Մաքրոն վերահաստատած է իր աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։

 

Այս մասին Ֆրանսայի նախագահը գրած է X-ի իր էջին՝ մանրամասնութիւններ յայտնելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին մասին։

«Տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ իմ խորհրդակցութիւններուս շրջածիրէն ներս զրոյց ունեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որուն յայտնեցի մեր աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը իր երկրին՝ Իրանի հարուածներէն ետք։

Ես նաեւ շնորհակալ եմ Ատրպէյճանին՝ մեր քաղաքացիներու տարհանման հարցով ցուցաբերած օգնութեան համար։

Ես օգտուեցայ այս առիթէն՝ վերահաստատելու մեր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին եւ մեր ցանկութիւնը՝ շարունակելու երկկողմ երկխօսութիւնը Պաքուի հետ աւելի ամուր հիմքերու վրայ»,– գրած է Մաքրոնը։