image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմի Միաբանութիւն. Ի Տէր Հանգաւ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեան

Երուսաղէմի Միաբանութիւն. Ի Տէր Հանգաւ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեան

Օրերս ի Տէր հանգած է Երուսաղէմի Միաբանութեան աւագ անդամներէն՝ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեան։

«Արեւելք» այս տխուր լուրի մասին իմացաւ Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքարանէն։

Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Հանգիստ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեանի (1954-2026) 

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Սուրբ Աթոռոյս միաբաններէն՝ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեանի, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար, 2026-ին, Երուսաղէմի Ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ, 72 տարեկան հասակին: Լուսահոգի Հայր Սուրբը Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի նուիրեալ, սրտացաւ եւ արթուն պահակն էր, ով 46 տարի, մինչ իր մահը, Մայր Տաճարի Աւագ Լուսարարն էր: Հանգուցեալ Տ. Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Գալէմտէրեանի վախճանը մեծ կորուստ է Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ Առաքելական մեր Սուրբ Աթոռոյս համար։ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ ողջ Միաբանութիւնը կը սգան Հայր Սուրբի մահը եւ կ’աղօթեն անոր բարի հոգւոյ լուսաւորութեան եւ երկինքի արքայութեան արժանանալու համար։