Հինգշաբթի, 26 Փետրուարի, երեկոյեան, Զմմառու դպրեվանքի Սուրբ Յովսէփ մատրան մէջ, նախագահութեամբ` ՆԱԳՏՏ Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի նշուեցաւ` Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ` Ս.Գրիգոր Նարեկացիի տօնը։
Ներկայութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեանի, Լիբանանի Արհիապատիւ Գերապայծառներուն եւ կղերաց դասին, Զմմառու վարչական հայրերուն, Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ հօր` Գեր.Հ.Կարապետ Վրդ.Գլընճեանին եւ ժառանգաւորներուն։
2021-ին, Փրանկիսկոս Պապի որոշմամբ` Վատիկանի Աստուածային երկրպագութեան միաբանութիւնը` Ընդհանրական Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ փետրուարի 27-ն հռչակեց` 10-րդ դարու հայ մեծագոյն աստուածաբան, “Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ” Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օր: Այսպիսով՝ այդ օրը ընդգրկուեցաւ համայն ընդհանրական եկեղեցիներու տօնացոյցին մէջ, պատարագի եւ ժամերգութեան գիրքերուն մէջ, եւ կը մատուցուի յիշատակի կարգ։
Նշենք, որ 2015-ի Փետրուար 23-ին, Հռոմի Փրանկիսկոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին շնորհեց «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» բարձրագոյն տիտղոսը՝ Doctor Ecclesiae Universalis, նոյն թուականին Դաւիթ Երեւանցիի կերտած Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրուեցաւ Վատիկանեան այգիներէն մէկու մէջ։
Նարեկացիին այս տիտղոսի տուչութիւնը կատարուեցաւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակի առթիւ` 12 Ապրիլ 2015-ին, «Սուրբ Պետրոս»-ի տաճարին մէջ` Ֆրանչիսկոս Պապի մատուցած քահանայապետական սուրբ Պատարագի ընթացքին, մասնակցութեամբ` Ամենայն հայոց վեհափառի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի։
Ուստի, ուղիղ հինգ տարիներ առաջ գրանցուած այս պատմական մեծ իրադարձութեան ի տես` Զմմառու Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի մեծ ընտանիքը անտարբեր չէր կրնար մնալ նման մեծղի տօնին նկատմամբ։
Առ այդ` տօնի նախօրէին ըստ արժանւոյն նշուեցաւ Սուրբին յիշատակը` առ ի յիշեցում համայն հայութեան, որ իրենք եւս յաջորդ օրը յիշատակեն մեծ հոգեւորականի, մեծ հայու եւ մեծ Աստուածաբանի տօնը։
Ան իր տիտղոսով հայ ազգի պարծանքն ու դափնին հանդիսացաւ միջազգային հանրութեան առջեւ։
Սոյն մեծարանքի երեկոն հոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծեց հնադարեան մայրավանքին մէջ համախմբուած հոգեւորականներու մօտ։
Արդարեւ, դպրեվարքի` Սուրբ Յովսէփ մատրան մէջ` ժառանգաւորները ներկայացուցին` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի վանքը բովանդակող զեկոյց մը, ապա կատարուեցաւ “Սուրբի եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետի միջեւ եղած համեմատութիւնը” ետքը “Մատեան Ողբերգութեան” աղօթամատեանի մեկնութիւնը։
Խորհրդաւոր մթնոլորտի լոյսին տակ` ընթերցուեցաւ “Մատեան Ողբերգութեան” աղօթագիրքէն հատուածներ։ Նարեկացիի նուիրուած տօնը Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ լրումին հասաւ։