«Մենք ոչնչացուցած ենք Իրանի հին առաջնորդը, իսկ նորը՝ Մոժթապան, Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի խամաճիկը, չի կրնար ներկայանալ հանրութեան առջեւ»։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն։
«Աւելի քան 30 տարի առաջ ես ըսած էի, որ Իսրայէլի համար սպառնալիքը կու գայ ոչ թէ արաբական երկիրներէն, այլ Իրանէն։ Ես կը դիմեմ իրանցի ժողովուրդին․ մօտ է այն պահը, երբ դուք կրնաք փողոց իջնել։ Մենք ձեզի հետ ենք, կը սատարենք ձեզի, բայց ամէն ինչ ձեր ձեռքն է։
Մեր յարաբերութիւնները Թրամփի հետ հարիւր անգամ աւելի ամուր են, քան մեր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու որեւէ նախկին նախագահի հետ։ Իսրայէլի քաղաքացիներ, գիտեմ, որ դուք կը պայքարիք հրետակոծութիւններու դէմ։ Հիւսիսի մէջ դժուար ժամանակներ են։ Բայց ներքին ճակատի հրամանատարութեան ցուցմունքներուն ձեր հետեւիլը ուժ կու տայ ինծի, կառավարութեան եւ բանակին։
Պատերազմին նպատակը մահացու հարուած հասցնելն է միջուկային եւ հրթիռային ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ստեղծել նպաստաւոր պայմաններ իրանցի ժողովուրդին համար՝ տապալելու իրենց վարչակարգը։ Այս չի նշանակեր, որ մենք կրնանք այդ երաշխաւորել։ Մենք միայն կրնանք ստեղծել պայմանները, որմէ ետք Իրանի ժողովուրդը պէտք է գործէ։
«Հըզպալլա» կը վախնայ մեր ուժէն, եւ անոնք ծանր գին պիտի վճարեն Իսրայէլի դէմ իրենց յարձակումին համար»,– նշած է Նաթանիահուն։