image

«Այն կողմը, որ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի դէմ , կ՚ուզէր «գնել» Լիբանանի անկումը». Նախագահ Աուն

«Այն  կողմը, որ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի դէմ , կ՚ուզէր  «գնել» Լիբանանի անկումը». Նախագահ Աուն

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող ռազմական լարուածութեան լոյսին տակ, Լիբանանի ներքաղաքական բեմը եւս կը թեւակոխէ զգայուն փուլ մը։  Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն  այսօր կատարեց քաղաքական կարեւոր յայտարարութիւն մը,   որուն  ընդմէջէն  անդրադարձաւ  Իսրայէլի ուղղութեամբ  «Հըզպալլա»ի կողմէ արձակուած հրթիռներուն, Լիբանանի պետական դիրքորոշման եւ շրջանի ապագայ անվտանգութեան հարցերուն։

 Այս առումով Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտարարեց, թէ Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռ արձակող կողմը «կը փորձէր Լիբանանի պետութեան անկումը գնել՝ զայն մղելով յարձակումի եւ քաոսի մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ տեղի ունենար տասնեակ գիւղերու կործանումով եւ տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներու զոհերով, Իրանի վարչակարգի հաշիւներուն համար»։ Ան շեշտեց, որ Լիբանանը «մինչ այժմ կրցած է տապալել այս ուղին եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ զայն ամբողջութեամբ ձախողեցնելու համար»։

Աուն բացատրեց, որ ամիսներ առաջ Լիբանանը առաջարկած էր նախաձեռնութիւն մը, որ կը նպատակադրէր փուլ առ փուլ վերացնել երկու կողմերուն  (Իսրայէլի եւ Լիբանան խմբ.՝ «Արեւելք») միջեւ լարուածութեան պատճառները։ Ըստ այդ ծրագրին՝ Իսրայէլ նախ պէտք էր նահանջէր առնուազն մէկ կէտէ Լիբանանի գրաւեալ հողերէն, որմէ ետք պետութիւնը ամբողջական վերահսկողութիւն պիտի հաստատէր այդ տարածքին վրայ։ Միջազգային հովանաւոր կառոյցները պիտի հետեւէին այս քայլի իրագործման, որմէ ետք գործընթացը պիտի տարածուէր այլ կէտերու վրայ՝ մինչեւ լիբանանեան ամբողջ հողատարածքին վրայ պետական լիակատար վերահսկողութեան վերականգնումը։

 Լիբանանի նախագահը նաեւ նշեց, որ վերջնական նպատակը պիտի ըլլար Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն մը՝ թշնամական գործողութիւններու վերջնական դադարեցման եւ սահմանին վրայ մնայուն անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման շուրջ, որպէս քայլ ամբողջական խաղաղութեան ուղղութեամբ՝ միջազգային որոշումներուն համաձայն։ Սակայն այս առաջարկը, ըստ անոր, «չըստացաւ անհրաժեշտ արձագանգը»։

Աուն ընդգծեց, որ այսօր Լիբանանը կը գտնուի « աւելի վտանգաւոր իրավիճակի» առջեւ»։ Ան յիշեցուց, որ  Լիբանանի  կառավարութիւնը  անցնող 2 մարտին  յստակ որոշում ընդունած է՝ արգիլելու «Հըզպալլա»ի որեւէ ռազմական կամ անվտանգային գործունէութիւն, եւ պետութիւնը կը նպատակադրէ այդ որոշումը իրականացնել «յստակ եւ վճռական կերպով»։

 Աուն միջազգային հանրութեան  կոչ ուղղեց աջակցելու նոր նախաձեռնութեան մը, որ կը հիմնուի չորս հիմնական կէտերու վրայ։ Առաջինը՝ ամբողջական զինադադար եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ցամաքային, օդային եւ ծովային բոլոր յարձակումներու դադարեցում։ Երկրորդը՝ լիբանանեան զինուած ուժերուն անհրաժեշտ աջակցութեան տրամադրում։

Ան աւելցուց, որ լիբանանեան զինուած ուժերը անմիջապէս պիտի վերահսկեն լարուածութեան վերջին կէտերը եւ պիտի բռնագրաւեն այնտեղ գտնուող զէնքերը, ներառեալ «Հըզպալլա»ի զինանոցներն ու պահեստները՝ ըստ առկայ տեղեկութիւններուն։ Միաժամանակ նախատեսուած է, որ Լիբանանը եւ Իսրայէլը սկսին ուղղակի բանակցութիւններ՝ միջազգային հովանաւորութեամբ, այս քայլերը գործադրելու նպատակով։

Իր խօսքի աւարտին նախագահ Աուն վերահաստատեց Լիբանանի ամբողջական համերաշխութիւնը այն արաբական պետութիւններուն հետ, որոնք ենթարկուած են Իրանի թիրախաւորման՝ Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Պահրէյն, Օման, Իրաք եւ Յորդանան։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարեկամ երկիրներուն՝ Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն մինչեւ Կիպրոս, անոնց Լիբանանին ցուցաբերած աջակցութեան համար։