image

Լոս Անճըլըս․ ՌԱԿ պատուիրակութիւնը քննարկումներ ունեցաւ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն հետ (Լուսանկարներ)

Լոս Անճըլըս․ ՌԱԿ պատուիրակութիւնը քննարկումներ ունեցաւ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն հետ (Լուսանկարներ)

Լոս Անճըլըս («Արեւելք») Գլխաւորութեամբ ՌԱԿ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Պալեանի, օրերս կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նարեկ Մկրտչեանին հետ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լոս Անճըլըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Աննա Աւետիսեան։

Ծանօթացումէն ետք կողմերը քննարկեցին հայութիւնը յուզող ընդհանուր հարցեր, շեշտելով ապագայ գործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։

Դեսպանը եւ պատուոյ հիւպատոսը համապարփակ ձեւով ներկայացուցին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող խաղաղութեան ամրապնդման հեռատես գործընթացները։ Անոնք անդրադարձան նաեւ TRIPP ծրագրի գործնական աշխատանքներուն, Հայաստանի դէմ մղուող հիբրիտային պատերազմին եւ զայն կասեցնելու ուղղուած քայլերուն։

Քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան մերձեցման գործընթացը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, ինչպէս նաեւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ շրջանառուող կեղծ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթի վտանգները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններու հնարաւոր զարգացումներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, ռազմարդիւնաբերութեան ներուժին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։