image

Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի այցը՝ Քեսապ

Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի  այցը՝ Քեսապ

Օրերս   Սուրիոյ հայկական Քեսապ  գիւղ այցելած է Սուրիոյ հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախագահ-համայնքապետ  Վեր. Յարութիւն Սելիմեան։ Այս մասին կը կարդանք  Քեսապի Հայ Աւետարանական  Համայնքին մասին լուրեր տեղադրող դիմատետրեան  էջէն, ուր մասնաորապէս գրուած է՝

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023 Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան այցելեց Քեսապի եւ Շրջանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներ։

Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ գոհաբանական պաշտամունք Քեսապի Հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Որմէ ետք վերապատուելին հանդիպեցաւ եկեղեցւոյ ընտանիքներուն հետ։

Ապա՝ եկեղեցւոյ հովիւին Պատուելի Շանթ Ակիշեանի եւ խումբ մը ժողովականներու հետ հանդիպումի առիթ մը ունեցան գիւղի քոյր համայնքներու հոգեւոր տեսուչներուն հետ։