image

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատարն ԱՄՆ-ին համագործակցութեան կոչ ըրած է

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատարն ԱՄՆ-ին համագործակցութեան կոչ ըրած է

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Ռոտրիկեսն Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է համագործակցիլ համատեղ օրակարգի շուրջ:

«Մենք առաջնահերթութիւն կը համարենք ԱՄՆ-ի եւ Վենեզուելայի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ հաւասարակշռուած եւ յարգալից միջազգային յարաբերութիւններու յառաջխաղացումը՝ հիմնուած ինքնիշխան հաւասարութեան եւ չմիջամտելու սկզբունքներու վրայ»,-նշուած է Ռոտրիկեսի յայտարարութեան մէջ։

Քաղաքական գործիչը նաեւ ուղղակիօրէն դիմած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ Ան նշած է, որ երկու ժողովուրդներն ու տարածաշրջանը «արժանի են խաղաղութեան եւ երկխօսութեան, այլ ոչ թէ պատերազմի»։ Ռոտրիկեսի խօսքով՝ այս էր Նիքոլաս Մատուրոյի ուղերձը, որ աւելի վաղ գերի վերցուած էր ռազմական գործողութեան ժամանակ եւ կնոջ հետ միասին երկրէն տարուած են Միացեալ Նահանգներ։