Օրերս Վայոց ձորի Ելփին գիւղը յայտնաբերուած մօտ 3-ամեայ գորշ արջի առանձնեակը ինկած է: Այս մասին յայտնած է Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի դիմատետրեան էջը:
«Խորը վշտով տեղեկացնում ենք, որ օրերս Վայոց ձորի Ելփին գիւղում յայտնաբերուած մօտ 3-ամեայ գորշ արջի առանձնեակն անկել է։
FPWC անձնակազմը եւ գործընկեր կենդանաբոյժները ջանք չեն խնայել կենդանուն փրկելու համար, իրականացրել են բոլոր հնարաւոր միջոցառումները, սակայն արջի կեանքը փրկել չի յաջողուել»։
Նշենք, որ ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ կենդանին տեղափոխուած է պատկան տարրալուծարանը հետագայ գործուղութիւններու համար:
«Ընդգծենք, որ FPWC անձնակազմը կը շարունակէ պնդել, որ կենդանին ունեցել է հրազէնային վնասուածք, ինչը նշանակում է, որ նրա վրայ կրակել են», յիշուած է նաեւ գրառումին մէջ: