Սեւ ծուխ՝ Սիքսթինեան քափելլայէն. Հռոմի Պապ չէ ընտրուած։ Քոնքլաւը պիտի շարունակուի այսօր։
Սովորաբար, Քոնքլաւի առաջին օրը քուէարկութեան միայն մէկ փուլ կ՚ըլլայ: Քոնքլաւները, որոնք կ՚ընտրէին նախորդ քահանայապետերը՝ Ֆրանչիսկոսը, Պենետիքթոս XVI-ը եւ Յովհաննէս Պողօս II-ը, տեւեցին երկու-երեք օր: Ամենաերկար քոնքլաւը տեւած է գրեթէ երեք տարի։ Այդ 13-րդ դարու երկրորդ կէսին էր։
Քոնքլաւին կը մասնակցիեն Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մօտ 130 կարտինալներ։ Ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան գաղտնի, իսկ գաղտնիութեան խախտումը կը յանգեցնէ հեռացման:
Յիշեցնենք, որ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը մահացած է 88 տարեկան հասակին՝ ապրիլ 21-ին: Քահանայապետը մահացած է կաթուածէ, որ յանգեցուցած է մահաքունի եւ այնուհետեւ անդառնալի սրտի անբաւարարութեան: