image

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը անարդիւնք. «Ալ Մոնիթոր»

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը  անարդիւնք. «Ալ Մոնիթոր»

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններու երրորդ փուլը որեւէ արդիւնք չէ տուած: Այս մասին «Al-Monitor»-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ Ամպերին Զամանը:

Բանակցութիւնները, որոնք սկսած են այս տարուայ սկիզբը, տակաւին զգալի արդիւնքներ չեն տուած:

«Ոչ մէկ յառաջընթաց տակաւին չէ արձանագրուած, սակայն հանդիպումները պիտի շարունակուին», հեղինակը կը մէջբերէ անանուն դիւանագիտական աղբիւրը:

Կը նշուի, որ բանակցութիւններու երրորդ փուլը տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բազմահազարանոց ցոյցերու լոյսին տակ:

«Անցեալ ամիս Հայաստանի խորհրդարանին մէջ իր վերջին ելոյթին ժամանակ Փաշինեան ըսած է, որ միջազգային հանրութիւնը ճնշում կը գործադրէ իր վրայ՝ ենթադրելով, որ Հայաստանի հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, եւ անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան դառն է դեղահատը, երկրի առաջնորդները պէտք է նախապատուութիւն տան խաղաղութեան՝ երկրի ապագայ սերունդներու շահերէ ելլելով: Փաշինեանի ելոյթը, որով վերջինս կ'ակնարկէր Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ճկունութիւն դրսեւորելու մասին, բողոքի ալիք բարձրացուցած է անոր հակառակորդներու շրջանակին մէջ, որոնք զայն կը մեղադրեն երկիրը վաճառելու մէջ», կը գրէ յօդուածին հեղինակը:

«Թուրքիան վաղուց հասկցուցած է, որ Հայաստանի հեռանալը գրաւուած տարածքներրն բաւական պիտի ըլլայ, որպէսզի երկիրները կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները: Կը համարուի, որ Թուրքիան կը զսպէ իրեն, որպէսզի թոյլ տայ Ատրպէյճանին օգտուելու իր առաւելութիւններէն՝ խաղաղութեան վերջնական պայմանագրի ստորագրումէն առաջ Հայաստանէն հետագայ զիջումներու հասնելու համար… Մասնաւորապէս, խօսքը անոր հասնելու մասին է, որ Հայաստանը մէկ կողմ դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ բոլոր պահանջները», յաւելած է յօդուածագիրը: