image

Վարչապետը մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողով»-ի բացման արարողութեան

Վարչապետը մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողով»-ի բացման արարողութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողով»-ի բացման արարողութեան:

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի նախագահ Քրիթսալինա Կէորկիեւան, Համաշխարհային դրամատան նախագահ Աճայ Պանկան, շարք մը երկիրներու առաջնորդներ, կառավարութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Մասնակիցները դիմաւորած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի» գլխաւոր տնօրէն Անժել Կուրրիան: Միջոցառման բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

Յաջորդիւ վարչապետը պիտի մասնակցի «Համագործակցութիւնը մրցակցութեան պայմաններու մէջ խաղաղութեան կերտում եւ աւելի ապահով աշխարհի կառուցում» խորագրով քննարկման: