image

Վարչապետի վարքագիծի վերաբերեալ Փտածութեան կանխարգելման յանձնաժողովը վարոյթ ընդունած է

Վարչապետի վարքագիծի վերաբերեալ Փտածութեան կանխարգելման յանձնաժողովը վարոյթ ընդունած է

Փտածութեան (Կոռուպցիայի) կանխարգելման յանձնաժողովը վարոյթ ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծի առերեւոյթ խախտման վերաբերեալ։

Վարոյթը յարուցուած է զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած նիւթերու հիման վրայ՝ ուսումնասիրելով վարչապետի՝ հանրային ելոյթներուն մէջ եւ հաղորդակցման ժամանակ օգտագործած արտայայտութիւնները, որոնք ըստ հաղորդման կրնան դիտարկուիլ որպէս անարգալից եւ սպառնալիք պարունակող խօսք։

Դիմումի հեղինակն է ԱԺ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի՝ լիազօրութիւնները դադրեցուած նախագահ, անկուսակցական պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը։

Վարոյթի կեդրոնը հետեւեալ դրուագները.

«Համբալ» արտայայտութեան կիրառումը,

«Վեր ընկի տեղդ, ներվերս չուտես» արտայայտութիւնը,

«Ձեզ տանելու եմ, լցնեմ ԱԱԾ պադուալները» սպառնալիքը։