image
Հրատապ լուրեր:

Վարանդայի մէջ 4 նահատակի աճիւն

Վարանդայի մէջ 4 նահատակի աճիւն

Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին այսօր իրականացուած որոնողական աշխատանքներու ընթացքին փրկարարները յայտնաբերած եւ տարհանած են պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ անյայտ կորսուած համարուող եւս 4 զինծառայողի (կամաւորներ, պահեստազօրայիններ) աճիւն: Այս մասին կը տեղեկանանք ԱՀ ՆԳՆ ԱԻՊԾ-էն։

Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի ՀՀ-ի մէջ՝ դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:

2020 թուականի 13 Նոյեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի 23 Յուլիսը՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի գրաւեալ տարածքներէն տարհանուած է ընդհանուր 1615 աճիւն:

Որոնումներու առաջիկայ ուղղութիւններու եւ արդիւնքներու մասին ԱԻ պետական ծառայութիւնը պիտի տրամադրէ յաւելեալ տեղեկութիւն: